Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անհրաժեշտ Է Կարելի Փութով Լուծման Հոլովոյթ Մը Ճշդել Սուրիական Տագնապին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

January 17, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

VehaparԵրէկ առաւօտ, Արամ Ա. կաթողիկոս բացումը կատարելով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կազմակերպած «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին համար կայացող համագումարին, կարեւորութեամբ շեշտեց յիշեալ համագումարին վճռական կարեւորութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքին համար: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «եթէ «Ժընեւ-2» ժողովը դրական արդիւնք չունենայ, անոր հետեւանքները կրնան աննախատեսելի ըլլալ ամբողջ Միջին Արեւելքին համար, եւ նոյնիսկ` անկէ անդին»: Ապա վեհափառ հայրապետը աւելցուց. «Ա՛յս պատասխանատուութեամբ պէտք է մեր մասնակցութիւնը բերենք այս ժողովին եւ աւելին` սովորական յայտարարութիւն պէտք չէ կատարենք, այլ` յստակ ուղեցոյց մը ճշդենք` զայն փոխանցելու համար «Ժընեւ-2» ժողովի պատասխանատուներուն»:

Խօսելով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կազմակերպած ներկայ համագումարին մասին` վեհափառ հայրապետը շեշտեց կարեւորութիւնը հետեւեալ երեք կէտերուն.- ա) Հաւաքական քրիստոնէական մօտեցում ճշդել սուրիական տագնապի լուծման, բ) մեր փորձառութիւնները եւ հայեցակէտերը բաժնել իրարու, ինչպէս նաեւ արեւմտեան աշխարհին հետ, գ) միասնաբար որոնել «Ժընեւ-2» ժողովին մեր բերելիք նպաստը, որ պէտք է ըլլայ ազդու, գործնական ու յստակ»:

Ապա վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Անհրաժեշտ է, որ մեր մօտեցումը ըլլայ իրապաշտ` հեռու մնալով զգացական, միակողմանի ու քաղաքական մօտեցումներէ: Այլ խօսքով, պէտք է կարեւորութեամբ շեշտել «Ժընեւ-2» ժողովին մեր բերելիք նպաստին իւրայատկութիւնը»: Մեկնելով իր կատարած այս հաստատումէն` վեհափառ հայրապետը շեշտեց հետեւեալ երկու կէտերը.- ա) Անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ ընդգծել, թէ սուրիական տագնապը կարելի չէ զէնքի ուժով լուծել, այլ` բանակցութեամբ: բ) Անհրաժեշտ է, որ բանակցութեան մասնակցին կառավարութիւնը, ընդդիմութիւնը եւ բոլոր համայնքներու պատասխանատուները:

Համագումարի բացման նաեւ խօսք առաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը, որ իր կարգին պարզեց խորհուրդին կատարած աշխատանքները` սուրիական տագնապի սկիզբէն ի վեր, յատկապէս մարդասիրական մարզին մէջ: Յայտնենք, որ համագումարին կը մասնակցին պատրիարքներ, եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Թենի Սիմոնեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ` Վիգէն արք. Այգազեան: Կը մասնակցին նաեւ Ռուսիոյ, Ամերիկայի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ այլ եկեղեցիներու պաշտօնական ներկայացուցիչները:

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

«Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Ռուսիոյ Եւ Իրանի Առաջնահերթութիւններէն Է» Յայտարարեց Լաւրով

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.