Երէկ, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ «Լա Լիկա» բարձրացած Կրանատայի մարզիչ Ֆապրիսիանօ Կոնզալես Փենելաս («Ֆապրի» ծածկանունով ճանչցուած) չորս մրցումով կախակայուեցաւ, որովհետեւ Բ. դասակարգի փլէյ-օֆի աւարտական մրցումին (Էլչէի դէմ) ետ դժգոհութիւնը յայտնեց իրաւարարին` իրեն համար ճշդուած սահմաններէն դուրս գալով:
Այսպիսով, ան «Լա Լիկա»ի 2011-2012 տարեշրջանի ախոյեանութեան առաջին չորս մրցումին իր կազմը պիտի ղեկավարէ թրիպիւնէն:


