«Արմինիըն Ռիվիու» թերթի խմբագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 1948-էն լոյս տեսնող եւ հայագիտական ուսումնասիրութեանց նուիրուած այս հրատարակութեան բոլոր թիւերը թուայնացնելու ծրագիրին համար, Փորթուկալի «Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը որոշած է 12,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարել: Այս նուէրը կու գայ աւելնալու նոյն նպատակին համար 5,000 տոլար նուիրատուութեան վրայ, որ կատարուեցաւ իր ինքնութիւնը բացայայտել չփափաքող անձի մը կողմէ:
Թուայնացման ծրագիրին նպատակն է թերթին մօտաւորապէս 200 թիւերը մատչելի դարձնել աշխարհի տարածքին ուսումնասիրութիւն կատարողներու կամ այլ հետաքրքրուողներու` համացանցին միջոցով:
Խմբագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ սոյն նուիրատուութիւնները կը փակեն ամբողջ ծրագիրին մէկ կարեւոր մասը, իսկ անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակից դառնալ ծրագիրի ամբողջացման համար անհրաժեշտ գումարի գոյացման ջանքին, կրնան դիմել [email protected] հասցէին:
«Արմինիըն Ռիվիու»-ի գլխաւոր խմբագիր փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեան կը յայտնէ, որ «Կիւլպենկեան»-ի կատարած առատաձեռն հատուցումը թերթը յատկանշականօրէն հասցուցած է համացանցային կարեւոր ներկայութիւն մը ըլլալու նպատակին` աւելցնելով, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի թերթի համացանցային կայքը բարեկարգելու ուղղութեամբ, որպէսզի անիկա պատրաստ ըլլայ ընկալելու թուայնացման շնորհիւ նիւթերու զգալի աճը:
Նորագոյն թիւի առաջին յօդուածին հեղինակն է Ալպեր Ստեփանեան, որ վերաքննութեան կ՛ենթարկէ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւնը» գործէն որոշ հատուածներ` զանոնք բաղդատելով յունական եւ հայկական այլ աղբիւրներու հետ: Երկրորդ` Ռուբէն Շուկարեանի պատկանող յօդուածը կ՛առնչուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու միտող ջանքերուն եւ անոնց ձախողութեան, իսկ երրորդ յօդուածը զրոյց մըն է Թաներ Աքչամի, Ուղուր Ումիտ Ունկորի եւ Մեհմետ Փոլաթելի միջեւ` Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն հայերէն բռնագրաւուած կալուածներուն եւ հարստութեանց մասին:
«Արմինիըն Ռիվիու»-ի նոր թիւէն օրինակներ կարելի է ստանալ անջատաբար կամ բաժանորդագրուելով թերթին` այցելելով
www.armenianreview.org կայքը կամ դիմելով Armenian Review, Inc., 80 Bigelow Avenue, Watertown, MA 02472-2012, [email protected] հասցէներուն եւ հեռաձայնելով (617) 926-4037 թիւին:


