Պրազիլցի յառաջապահ Ռոնալտինիօ, որ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին` Աթլեթիքօ Մինէյրոյի հետ, այսպիսով եկաւ մերժելու թրքական Պեշիքթաշի կողմէ իրեն ներկայացուած առաջարկը, յայտնեց պրազիլական ակումբին պաշտօնական կայքէջը:
Պեշիքթաշ նախորդ ամսուան վերջը փափաք յայտնած էր իր կազմին միացնելու 33 տարեկան Ռոնալտինիոն, սակայն իմանալով, որ պիտի չկարենայ անոր այդքան բարձր ամսական վճարել, փոփոխութեան ենթարկած էր իր միտքը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, որ հաղորդեց այս լուրը, եզրափակեց նշելով, որ պայմանագրութեան երկարաձգման գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ չփոխանցուեցան:


