Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մանկավարժ Մասնագէտներու Պատրաստութիւն Ծրագիր»-ին Առիթով Հարցազրոյց Դոկտ. Յակոբ Եագուպեանի Հետ

January 11, 2014
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

hagop127 նոյեմբերին Հայկազեան համալսարանը եւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը ընդունելութեան մը ընթացքին յայտարարեցին սկիզբը գործակցութեան մը` նպատակ ունենալով պատրաստութիւնը ազգային վարժարաններու 10 ուսուցիչ-տնօրէններու, որոնք մանկավարժութեան բաժանմունքին մէջ պիտի հետեւին մագիստրոսի դասընթացքներու ծրագիրի մը` յաջորդ տասը տարիներու ընթացքին: Այս ծրագրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքի դասախօս դոկտ. Յակոբ Եագուպեանի հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ Հայկազեան համալսարանին միջեւ ընթացք առած այս գործակցութիւնը:

ՅԱԿՈԲ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ.- Ազգային իշխանութեան ներկայ Ուսումնական խորհուրդի տեսլականին մէջ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ մարդուժի պատրաստութեան աշխատանքը: Այս ծիրին մէջ Ուսումնական խորհուրդը յղացաւ «Մանկավարժ մասնագէտներու պատրաստութեան ծրագիր» մը, որ կ՛երկարի յառաջիկայ 10 տարիներուն վրայ: Մանկավարժ մասնագէտներ անհրաժեշտ են` ազգային վարժարաններու ղեկավարութիւնը տեղադրելու նոր հունի մը մէջ` ամբողջացնելով մանկավարժական ժամանակակից պահանջները եւ պատրաստ ըլլալու վաղուան մարտահրաւէրներու դիմագրաւման:

Հայկազեան համալսարանը իր հիմնադրութեան օրէն միշտ կարեւորութիւն տուած է հայ ուսուցիչներու, տնօրէններու եւ առաջնորդներու պատրաստութեան: Ուստի, կարելի է «Մանկավարժ մասնագէտներու պատրաստութեան ծրագիր»-ի կարեւորութիւնը նաեւ դիտել Հայկազեան համալսարանի ազգային առաքելութեան այս մեկնակէտէն:

Կը կարծեմ, թէ այսպիսի գործակցութեան մը հաստատումը կարելի եղաւ երկու կողմերուն միջեւ, որովհետեւ այս պարագային Ուսումնական խորհուրդին տեսլականն ու Հայկազեան համալսարանի առաքելութիւնը եկան զիրար ամբողջացնելու:

«Ա.».- Կարելի՞ է աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ տալ այս ծրագիրին մասին:

Յ. Ե.- «Մանկավարժ մասնագէտներու պատրաստութեան ծրագիր»-ը ունի հիմնական երեք նպատակներ. ա) պատրաստել խումբ մը մանկավարժ մասնագէտներ, որպէսզի ստանձնեն պատասխանատու պաշտօններ ազգային վարժարաններու մէջ. բ) պատրաստել հարկ եղած մարդուժը դպրոցներու ղեկավարութեան համար. գ) զինել խումբ մը ուսուցիչներ ու տնօրէններ` հարկ եղած գիտելիքներով եւ հմտութիւններով, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ դպրոցներու կրթական-ուսումնական մակարդակը բարձրացնել: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ այս ծրագիրը ուղղակիօրէն առնչուած է միայն Լիբանանի թեմի ազգային վարժարաններուն հետ: Այս ծրագիրը ուսուցիչներու եւ տնօրէններու վերաորակաւորման դասընթացք չէ: Ծրագիրին թիրախն է ազգային վարժարանները օժտել մասնագէտներով, որոնք կրնան ներդրում ունենալ զանազան մարզերու մէջ, օրինակ` կրթական ղեկավարութիւն, բաժանմունքներու ղեկավարութիւն, կրթական ծրագիրներու մշակում, դասագիրքերու եւ այլ աղբիւրներու պատրաստութիւն եւ այլն: Որպէս միջոց` այս թիրախին հասնելու, խումբ մը ուսուցիչ-տնօրէններ յառաջիկայ տարիներուն Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքին մէջ մաս պիտի կազմեն մագիստրոսի ծրագիրին եւ զայն յաջողութեամբ աւարտելէ ետք պիտի ստանան մագիստրոսի աստիճան մանկավարժութեան մէջ (MA in Education):

«Ա.».- Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին համար նման տեսլական մը ինչո՞ւ կարեւոր է:

Յ. Ե.- Ինչպէս ըսինք, մարդուժի պատրաստութիւնը Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի տեսլականին մէջ կը գրաւէ յատուկ տեղ: Խորհուրդը կը հաւատայ մանկավարժական արդի եզրերուն եւ չափանիշներու վրայ հիմնուած մեթոտ-գործելաոճի որդեգրման: Այս մէկը անհրաժեշտ է կրթական համակարգի գոյատեւման համար: «Մանկավարժ մասնագէտներու պատրաստութեան ծրագիր»-ը կարելի է տեսնել այս շրջագիծին մէջ: Մանկավարժ մասնագէտներն են, որ պիտի կարենան հիմնական փոփոխութիւններ յառաջացնել դպրոցներուն մէջ: Փոփոխութիւններ, որոնք կը միտին մեր հիմնական ու կարեւոր արժէքները պատշաճեցնելու ապագայի պահանջներուն: Անոնց միջոցաւ է, որ կրթական համակարգը մասնագիտական կերպով պիտի առաջնորդուի դէպի ապագայ` յանուն վաղուան հայ մարդու պատրաստութեան: Այսօրուան արհեստավարժ աշխարհին մէջ այսպիսի գործընթաց մը պատահականութեան կարելի չէ ձգել:

«Ա.».- Գործնական իմաստով, ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ ծրագիրը: Ուսումնական խորհուրդը ինչպէ՞ս պիտի կատարէ թեկնածուներու ընտրութիւնը:

Յ. Ե.- Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքին մէջ, մագիստրոսի դասընթացքները ընդհանրապէս կը տեւեն շուրջ երկու տարի` լիաժամ դրութեամբ: Նկատի ունենալով, որ Ազգային վարժարաններու ուսուցիչներն ու տնօրէնները լիաժամ կ՛աշխատին, անոնք պարտին ամբողջացնել դասընթացքներն ու իրենց աւարտաճառը առաւելագոյնը հինգ տարուան ժամանակամիջոցին:

Ուսումնական խորհուրդը յառաջիկայ տասնամեակին իւրաքանչիւր յունուար ամսուան ընթացքին պիտի ընդունի դիմումնագիրներ: Ազգային վարժարաններու բոլոր լիաժամ ուսուցիչներն ու տնօրէնները, որոնք կը լրացնեն ծրագրին մէջ գտնուող պայմանները  կրնան իրենց դիմումնագիրները յղել Ուսումնական խորհուրդի գրասենեակ: Ուսումնական խորհուրդը պիտի կատարէ հարցազրոյցներ իւրաքանչիւր թեկնածուին հետ: Յիշեմ, որ պայմաններու շարքը բաւական երկար է, իսկ Ուսումնական խորհուրդին կողմէ կատարուելիք թեկնածուներու ընտրութիւնը պիտի հիմնուի բաւական խստապահանջ չափանիշներու վրայ: Հարկ է նաեւ, որ թեկնածուները ամբողջացնեն Հայկազեան համալսարանի մագիստրոսի ծրագիրին ընդունման բոլոր պայմանները, յաջողին մուտքի քննութիւններուն եւ ընդունուին համալսարանին կողմէ: Կրթաթոշակին 50 տոկոսը պիտի տրամադրէ Հայկազեան համալսարանը, 40 տոկոսը Ուսումնական խորհուրդը, իսկ 10 տոկոսը թեկնածուն: Կ՛ուզեմ յիշել, որ թեկնածուն իր ուսանողութեան տարիներուն մագիստրոսի աւարտաճառը պէտք է պատրաստէ վերցնելով այնպիսի նիւթ մը, որ նպաստէ հայ դպրոցի յառաջդիմութեան: Իսկ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ան պէտք է շարունակէ ծառայել ազգային վարժարանի մը մէջ:

 

 

Նախորդը

Անթուան Գալուստին Յիշատակին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Նախաձեռնած Զրոյցներու Ծիրին Մէջ. «Կը Յուսամ, Որ 2014-ին Ազգային Ամբողջական Համաձայնութիւնը Կեանք Կ՛առնէ» Ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.