Կորուստը մեծ է, բայց միեւնոյն ատեն առիթ է մտածելու եւ խորհրդածելու: Մտածել արտասովոր մարդու մը մասին, որուն նախ եւ առաջ կը պարտիմ գոյութիւնս, երկրային աշխարհին վրայ ներկայութիւնս:
Հայր մը, որ կեանքի օրինակ էր` իր մարդասիրութեամբ, իր նուիրումով, իր հաւատարմութեամբ, իր համեստութեամբ, իր աշխատասիրութեամբ եւ իր ծառայութեամբ:
Հայր մը, որ 42 տարի գիշեր ու ցերեկ նուիրուեցաւ, որպէսզի իր ընտանեկան բոյնին տայ լաւագոյնը, որպէսզի իր զաւակները ստանան ուսում, կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն:
Հայր մը, որուն համար խօսքը անարժէք էր, ու ինք զուսպ էր արտայայտութիւններուն մէջ, մինչ գործը` տիրական, խօսուն ու ազդեցիկ:
Հայր մը, որ իր կողակիցին` մօրս հետ տարիներ շարունակ նուիրուեցաւ մարդկութեան, ազգին ու համայնքին:
Հայր մը, որ աղքատ ընտանիքի զաւակ ըլլալով հանդերձ, ինքնաշխատութեամբ յաղթահարեց կեանքի ամէն տեսակի դժուարութիւն, ոտքի կանգնեցաւ եւ ձեռք երկարեց բոլոր անոնց, որոնք կարիքաւոր են, օժանդակութեան պէտք ունին: Օգնեց` «Ճինիշեան»-ին, «Գարակէօզեան»-ին, «Էհլան»-ին եւ «Քարիթաս»-ին ճամբով:
Հայր մը, որ ունէր Յիսուսեան հայրերու դաստիարակութիւնը, ունէր սկաուտական կազմաւորում եւ հպարտ էր Տիգրանակերտի պատկանելիութեամբ: Դաստիարակութիւն մը, որ փոխանցեց ընտանիքի բոլոր անդամներուն:
Հայր մը, որ դժբախտաբար իր թոռնիկները վայելելու մեծ առիթը չունեցաւ, սակայն անոնցմով ապրեցաւ, անոնցմով եռանդ ու կորով ստացաւ:
Հայր մը, որ սխալը չէր կրնար ընդունիլ, դէմ կը կենար ու կը պահանջէր արդարութիւն:
Հայր մը, որ կը սիրէր ուրախութիւնը, ճոխութիւնը, կեանքը…
Հայր մը, որ հաւատացեալ էր եւ իր կենդանութեան մինչեւ վերջին վայրկեանը ու, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու ցաւերուն, Աստուծոյ շնորհակալ եւ երախտապարտ եղաւ:
Հայր մը, որ սիրոյ աղբիւր էր, գուրգուրանքի ալիք էր եւ զոհաբերութեան մատաղ էր:
Հայր մը, որուն զաւակները ըլլալու հպարտանքն ու պատիւը ունինք:
Այսօր մենք հարուստ ենք իր յիշատակներով, հարուստ ենք իր պայքարելու ոգիով եւ օրինակով, չյանձնուելու կամքով, ընտանեկան սիրով, հայրենասիրութեամբ, եկեղեցասիրութեամբ եւ մարդասիրութեամբ:
Ինք հեռացաւ, սակայն մնաց իր մեծատառ անունը, մնաց իր ընտանիքը, որ միեւնոյն ոգիով, միեւնոյն դաստիարակութեամբ պիտի շարունակէ ուղին:
Ինք մեզմէ ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ, բայց մեզմէ իւրաքանչիւրին շունչ տուաւ… Մենք այսօր աւելի քան երբեք իրմով կը շնչենք, իրմով ուժեղ ենք… Այդ շունչը չէ դադրած… Մարմինը չկայ, շունչը կայ, մեր մէջն է առյաւէտ…
Ներէ, եթէ սխալեցանք, անգիտակցաբար վիրաւորեցինք, կամքդ չկատարեցինք: Կը մեղանչենք:
Ինչպէս երէկ, այսօր եւս կը համբուրենք քու սուրբ ձեռքերդ, կը խոնարհինք յիշատակիդ առջեւ եւ երախտապարտ ենք:
ԿՐԷԿՈՒԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ


