
«Քաջալերուած եմ լսելով վարչապետ Սալամի արդիւնաւէտ ճիգերուն մասին` կառավարութեան կազմութեան գծով», յայտարարեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ` նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի տուած իր այցելութենէն ետք:
«Թէեւ կառավարութեան կազմութիւնը լիբանանեան հարց է, սակայն մեծապէս հետաքրքրուած ենք կառավարութեան կազմութեան ճիգերով եւ կոչ կ՛ուղղենք բոլոր կողմերուն` զօրակցելու եւ նպաստելու Սալամի ճիգերուն` կառավարութեան կազմութեան համար», ըսաւ Փլամպլի` նշելով, որ Լիբանան ներկայիս կ՛ապրի վտանգաւոր պահեր ու կը դիմակալէ ապահովական, մարդասիրական ու տնտեսական մեծ մարտահրաւէրներ, եւ ՄԱԿ կը զօրակցի Լիբանանին` նշեալ բոլոր մարզերուն մէջ:
Նշանակեալ վարչապետ Սալամի հետ խորհրդակցելէ ետք ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ ՄԱԿ մօտէն կը հետեւի Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան եւ առհասարակ կացութեան կայունացման ճիգերուն:


