ԱՆՑՆՈՂ նոյեմբերին Սուրիոյ մէջ առեւանգուած շուետացի լրագրող մը եւ լուսանկարիչ մը ազատ արձակուեցան եւ յանձնուեցան Լիբանանի մօտ Շուէտի դեսպանատան: Միջազգային կարմիր խաչի եւ շուետական դիւանագիտական աղբիւրի մը համաձայն, լրագրողը դեսպանատան յանձնուած է երէկ, Լիբանանի հիւսիսային Արսալ գիւղաքաղաքին ճամբով, մինչ լուսանկարիչը շաբաթ օր արդէն հասած էր Լիբանան:
ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ Ուղղափառ խորհուրդը նամակ մը պիտի փոխանցէ զօր. Ապպաս Իպրահիմին` պահանջելով առեւանգեալ երկու առաջնորդներուն, Մաալուլայի Մարթաքլա վանքի 13 մայրապետներուն եւ անոնց հոգատարութեան տակ եղած աղջիկներուն եւ ութ ամիսներէ ի վեր անհետացած երկու հաւատացեալներուն ազատ արձակումը:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ կարգ մը զինեալներ երէկ երեկոյ ջարդեցին Սուֆիէի մզկիթին դուռը: «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջը, որ հաղորդեց լուրը, աւելցուց, որ նշեալ մզկիթը կը հետեւի շէյխ Հաշեմ Մընքարային:
ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ Տար Նուտուայի, երէկ զօրակցութեան հանդիպում մը կայացաւ ի նպաստ «Սայեհ» Թրիփոլիի գրատան, որ վերջերս թիրախ դարձած էր հրկիզումի խափանարարական արարքի մը:


