«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնական ներկայացուցիչ Օլիվիա Պայի յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է Թուրքիոյ մէջ ոստիկանները աշխատանքէ հեռացնելու երեւոյթէն եւ կը պահանջէ հետաքննել փտածութեան խախտումներու վերաբերեալ բոլոր դիմումները, ներառեալ` իշխանութիւններուն կողմէ:
«Մեծ թիւով ոստիկաններ աշխատանքէ հեռացնելը, որուն գագաթնակէտը դարձաւ Անգարայի մէջ 350 ոստիկան աշխատանքէ հեռացնելը, մեզ կը մտահոգէ: Մենք կը պահանջենք Թուրքիայէն, իբրեւ թեկնածու երկիր, Եւրոպական Միութեան անդամակցելու պահանջներու կատարման վերաբերեալ պարտաւորութիւն ստանձնել, ներառեալ` իրաւական պետութեան սկզբունքներուն հետեւիլը, եւ ամէն ինչ ընել, որպէսզի բոլոր դիմումները, ներառեալ` որոշ ղեկավարներու կատարած խախտումներուն վերաբերեալ, հետաքննուին առանց խտրականութեան եւ անկողմնակալ կերպով», ըսած է Պայի:
Պապաճան.«Կառավարութիւնը Երկրին Մէջ
Հարցերու Ընթացքին Կը Վերահսկէ»
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան յայտնեց, որ «Թուրքիան ցնցած փտածութեան հարցի լոյսին տակ, թրքական կառավարութիւնը երկրին մէջ հարցերու ընթացքին կը վերահսկէ»:
Ան նշեց, որ «կառավարութիւնը պիտի չարտօնէ, որ պատահի որեւէ բան, որ կրնայ քայքայել Թուրքիոյ մէջ քաղաքական ու տնտեսական կայունութիւնը»:
Պապաճան «ՀապերԹիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած քաղաքական յայտագիրի մը իր մասնակցութեան ընթացքին ըսաւ, որ «բոլոր նախարարութիւնները եւ պետութեան բոլոր հաստատութիւնները իրենց պարտաւորութիւնները կը շարունակեն եւ աշխատանքները կը տանին ամենայն հանգստութեամբ»` աւելցնելով, որ «կառավարութիւնը ներկայ հանգրուանը կառավարելու բոլոր միջոցներն ու միջոցառումները ունի»:


