Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պէյրութի դրամատունը եւ Ղըպէյրի ստեղծեցին անակնկալներ, յաջորդաբար յաղթելով լիբանանեան բանակին եւ ախոյեան Սատաքայի, առաջին մրցումին` 4-3 արդիւնքով, իսկ երկրորդին` 4-2 արդիւնքով (երկարաձգումէն ետք):
Սատաքա իր կատարած այս մրցումը շարունակեց առանց իր բերդապահին` Սագօ Էսքիճեանի, որ կարմիր քարտ մը ստացաւ իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալէն ետք:
Վերոնշեալ երկու խումբերը այսօր իրարու դէմ կը կատարեն իրենց երկրորդ մրցումը` լիբանանեան բանակին եւ Պէյրութի դրամատան նման:
Ստորեւ` յայտագիրը.
| ԺԱՄ | ԴԱՇՏ | |
| Լիբանանեան բանակ – Պէյրութի դրամատուն | 19:00 | Էմիլ Լահուտ |
| Ղըպէյրի – Սատաքա | 19:00 | Սատաքա |


