Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր հաստատեց, որ Իսրայէլի եւ Կիպրոսի միջեւ տնտեսական գօտին ճշդող ծովային սահմանը Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի:
Մանսուր նշեց, որ նման սահման մը ունենալ կը նշանակէ, թէ Իսրայէլ առիթը կ՛ունենայ օգտագործելու լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական կազի եւ քարիւղի հանքերը:
Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանան նախապէս ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերէն պահանջեց ծովային սահմանագծում կատարել, սակայն ՖԻՆԻՒԼ չընդառաջեց, «իսկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն իր կարգին տակաւին չհակազդեց Լիբանանի կողմէ ներկայացուած բողոքագիրին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս հարցը որեւէ ատեն կրնայ բռնկիլ:
Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ Լիբանան քաղաքական եւ դիւանագիտական իր բոլոր ջանքերը պիտի օգտագործէ` պահպանելու համար ծովային իր սահմաններն ու հարստութիւնը:


