Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, երկուշաբթի, 6 յունուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան երգերու երեկոյ:
Երեկոյին բացումը կատարեց Սուրէն Թապագեան, որ նշեց, թէ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացաւ կազմակերպելու Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նուիրուած երգերու երեկոյ մը` նպատակ ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ծանր պայմաններուն ուրախ մթնոլորտ ստեղծել: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեանին, որ սիրայօժար ստանձնած էր մասնակցիլ այս երեկոյին: Մթնոլորտը ճոխացուց Կաղանդ պապայի ներկայութիւնը:
Մասնակից երգիչներն էին` Նայիրա Պաղտասարեան, Լորի Քէշիշեան, Գարմէն Պալեան, Զեփիւռ Ճամպուլեան եւ Շաքէ Պաղտասարեան:


