«Ֆորմիւլա-1»-ի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըր նախորդ շաբաթավերջին փոխադրուեցաւ Ֆրանսայի մէջ գտնուող հիւանդանոցներէն մէկը:
Ան ունեցաւ արկած մը ոչ թէ ինքնաշարժ վարելու ժամանակ, այլ` դահուկարշաւի մարզով զբաղած միջոցին:
«Sky News»-ի համաձայն, ան գլուխէն ստացած է ծանր վնասուածք մը եւ երկու անգամ ենթարկուած վիրաբուժութեան:


