Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ «Կլոպ Սաքըր»-ի կողմէ ճանչցուեցաւ 2013 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը` լուրը քաղելով արքայական ակումբին պաշտօնական կայքէջէն:
Մրցանակի յանձնումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Նշենք, որ այս տարեշրջանի մրցումներուն փորթուգալցին նշանակած է 69 կոլ:


