«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Լա լիկա»-ի կազմերէն Վալենսիայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ծնունդով արժանթինցի Խուան Անթոնիօ Փիցցի նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ, այսպիսով փոխարինելով Միրոսլաւ Տիուքիչը, որ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ` իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
45 տարեկան Փիցցի արդէն իսկ փորձառութիւն ունի Սպանիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ անցեալին եղած է Վալենսիայի, Թեներիֆէի եւ Պարսելոնայի մարզիչ:
Անոր վերջին ակումբը եղած է Սան Լորենզոն (Արժանթին):


