
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մետասաներորդ պահուն ջնջեց երեկոյեան ժամը 6:30-ին նախագահական պալատին մէջ հրաւիրած իր մամլոյ ասուլիսը եւ զայն փոխարինեց լիբանանցիներուն ուղղուած պատկերասփռուած խօսքով մը:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ, թագաւորը որոշած է արտակարգ օժանդակութիւն մը կատարել Լիբանանին եւ ազգային տեսակէտներէ մեկնելով լիբանանեան բանակին պիտի տրամադրէ երեք միլիառ տոլարի օժանդակութիւն մը:
Նախագահ Սլէյման վեր առաւ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ վերոնշեալ որոշումին կայացման մէջ իր ներդրումը ունեցած է Ֆրանսան` իր նախագահին` Ֆրանսուա Հոլլանտի միջամտութեամբ:
«Սէուտական նիւթական այս օժանդակութիւնը առիթ մը պիտի ընծայէ, որ ֆրանսական կողմը զինէ լիբանանեան բանակը», ըսաւ նախագահ Սլէյման` յոյս յայտնելով, որ Փարիզ անյապաղ գործադրէ այս նախաձեռնութիւնը:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց անմիջապէս կազմելու կառավարութիւնը` պահպանելու համար երկրին սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտի գործադրութիւնը:
Նախագահ Սլէյման նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն ինք պիտի փորձէ այցելել հարաւային Լիբանան եւ ստուգել բանակին դիրքերը:
Անդրադառնալով նախագահ Սլէյմանի կատարած յայտարարութեան` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման արտակարգ քայլ մը յայտարարած է` դէպի իսկական պետութիւն ուղղուելու ճամբուն վրայ:


