Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աննախընթաց Թիւ. 61 Մրցանակակիրներ Մեծ Թիւով Ծնողներու Ներկայութեան Տեղի Ունեցաւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումի Մրցանակաբաշխութիւնը

December 28, 2013
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

bz1Երէկ ուրբաթ, 27 դեկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը:

61 մրցանակակիր փոքրիկներ եւ իրենց ծնողները իրենց մեծաթիւ մասնակցութիւնը բերած էին շատ սպասուած այս օրուան:

bzԲացման խօսքին մէջ «Պզտիկ Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմի անդամ Սրբուկ Ճենանեան շնորհաւորեց մրցանակակիրներն ու ծնողները, եւ անդրադառնալով մրցանակակիրներու թիւին (61 մրցանակակիրներ)` յայտնեց, որ «նորահաս սերունդը տակաւին բծախնդրութեամբ կը մօտենայ մայրենիին, կը գուրգուրայ անոր եւ կը ջանայ կարելին ընել անսխալ գրելու զայն»: Ապա Ճենանեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սօսի» յիշատակի Ֆոնտին, որ ամէն տարի նիւթական պարգեւներ կը յատկացնէ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի մրցանակակիրներուն, իսկ այս տարի նաեւ գիրքեր հայ գրական դէմքերու` Րաֆֆիի, Մ. Իշխանի, Ա. Ծառուկեանի, Ա. Հայկազի եւ Գ. Զօհրապի ստեղծագործութիւններէն: Ան շնորհաւորեց նաեւ հայկական վարժարանները, որոնք իրենց կարգին ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն նորահաս սերունդին ջամբելու հայեցի դաստիարակութիւն:

Ապա Ճենանեան հրաւիրեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, որ փոխանցէ իր խօսքը: Շահան Գանտահարեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց եւ շնորհաւորեց մրցանակակիրները` յայտնելով, որ «ողջունելի երեւոյթ է, որ 61 մրցանակակիրներ ունինք չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտներէն, որոնք անսխալ կը գրեն եւ մանաւանդ ճիգ կ՛ընեն, որ անսխալ գրեն մեր մայրենի լեզուն»: Ան բարձր գնահատեց փոքրիկներուն այս ընթացքը, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու բծախնդիր մօտեցումը` նշելով, որ լաւագոյնին հասնելու եւ հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ստանալու համար անհրաժեշտ է դպրոց-ծնողք- աշակերտ գործակցութիւնը, եւ այսօրուան այս յաջողութիւնը անոր արդիւնքն է: Ան նշեց նաեւ, որ այսքանով պէտք չէ բաւարարուիլ, այլ պէտք է քաջալերել փոքրիկները գրելու եւ ինչու չէ զանոնք վարժեցնելու ու պատրաստելու ապագայ լրագրողներ դառնալու: Գանտահարեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին, որ ամէն տարի կը հովանաւորէ մրցանակակիրներուն նուէրները, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ կայ անանուն բարերար մը, որ կը հոգայ եւ պիտի հոգայ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի հրատարակչական աշխատանքները: Արդէն այս հովանաւորութիւնները կ՛ենթադրեն քաջալերանք «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի աշխատանքներուն: Շահան Գանտահարեան շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը:

Մրցանակաբաշխութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Փոքրիկներ, ծնողներ եւ կազմակերպիչներ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ հեռացան սրահէն:

Նախորդը

Լիբանանի Մարմնամարզի Ախոյեանութիւն (Ժամպազ). Քրիստ Պարսումեան Հանդիսացաւ Ախոյեան

Յաջորդը

«Ուքրանիան Եւրոպական Միութիւն Չեն Կանչեր» Ըսաւ Ազարով

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.