Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծերերու Կաղանդի Հաւաք

December 28, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

khohanots-1ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2013-ին` կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 180 ծերունիներու Ամանորի ձեռնարկ:

Ծերունիները հրաւիրուած էին միասնաբար ճաշելու եւ ուրախ ժամեր անցընելու. անոնք այն պարագաներն են, որոնք խոհանոցէն շաբաթը երկու անգամ կը ստանան տաք ճաշ:

Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, բարերարներ եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ:

Սրբազան հօր աղօթքով սկսաւ ձեռնարկը. ապա Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց ներկաներուն` մաղթելով առողջութիւն եւ երկարակեցութիւն: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագիրի յաջողութեան սատարող բոլոր անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն:

Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նկատեց գեղեցիկ պահ մը տարեց սերունդի մայրիկներուն ու հայրիկներուն հետ ըլլալը, որովհետեւ անոնք անկասկած կը մնան մեր գուրգուրանքին եւ սիրոյն առարկան:

khohanots-2Անոր համաձայն, ամբողջական սէրը եւ գուրգուրանքը կը տրուի բոլորին` ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին կողմէ, որ որեւէ ատեն չէ զլացած իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ձեռք երկարելու եւ զօրավիգ կանգնելու բոլորին:

Նոր տարուան սեմին առաջնորդը բոլորին մաղթեց առողջութիւն եւ յարատեւութիւն կեանքի մէջ: Իսկ ԼՕԽ-ին` յառաջդիմութիւն, գործերու ամբողջական յաջողութիւն եւ վերելք` յուսալով, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ բոլորին համար բարեբեր:

Գեղարուեստական յայտագիրով մթնոլորտը խանդավառեց եւ տօնական տրամադրութիւն սփռեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ծերունիները:

Ուրախ եւ մտերիմ ժամեր անցընելէ ետք իւրաքանչիւրը ստացաւ Կաղանդի իր նուէրը եւ հեռացաւ սրահէն բարձր տրամադրութեամբ` իր աղօթքն ու օրհնութիւնը փոխանցելով բոլորին:

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղի Կաղանդի Պազարը

Յաջորդը

Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւնը` Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.