Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կեդրոնացեալ Օրակարգ Եւ Միաւորուած Ընդդիմութիւն

December 24, 2013
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

AJ2312Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի  երէկուան արտահերթ նիստին քննարկումները թէժ էին: Մէկ կողմէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը բուռն կերպով կը պաշտպանէր «կազփրոմ»-ի հետ կայացած համաձայնագիրը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը, միւս կողմէ ընդդիմադիր ուժերը առուվաճառքի եղանակն ու արդիւնքները լուսարձակի տակ առնելով կը հաստատէին, որ իշխանութիւնները իրենց այս քայլով խնդրոյ առարկայ կը դարձնէին Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը:

Ընդդիմադիր ուժերուն եւ քաղաքացիական շարժումներու կոչերուն անսալով Ազգային ժողովի առջեւ համախմբուած էր բողոքող ցուցարարներու նկատառելի համրանք, որ կը պահանջէր պատգամաւորներէն չվաւերացնել Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն չբխող այս համաձայնագիրը: Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը միացեալ կեցուածք կ՛որդեգրէր նաեւ համաձայնագիրի վաւերացման քուէարկութիւնը անվաւեր նկատելու եւ պատրաստուելու` բողոքարկելով Սահմանադրական դատարան դիմելու քայլերուն շուրջ:

Համաձայնագիրի պատմականին, եղելոյթին եւ յարակից մանրամասնութիւններուն անդրադառնալէ աւելի, այս պահուն հայեացքները պէտք է կեդրոնացնել Ազգային ժողովէն ներս թէ դուրս արձանագրուած միաւորումին վրայ:

Տարեփակի ներհայաստանեան իրադարձութիւններուն վերլուծում կատարողները ընդհանրապէս իբրեւ հիմնական բացթողում կը խօսէին ընդդիմութեան անմիաւորումին, ուժերու ջլատումին, համախոհութեան բացակայութեան, միացեալ գործողութիւններ չկարենալ ձեռնարկելու եւ առհասարակ ընդդիմադիր դաշտի փոշիացումին մասին:

Երէկուան պատկերը թէ՛ Ազգային ժողովի նիստին եւ թէ՛ Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ չկայացած միաւորումին հակառակ ուղղութեամբ մտածելու նախադրեալները պարզեց դիպաշարին հետեւողներուն մօտ:

Կարեւորը ա՛յս է այժմ: Չէ բացառուած, որ բողոքը տեղ չհասնի: Ամենայն հաւանականութեամբ համաձայնագիրի վաւերացման օրինականութիւնը հաստատուի եւ «Կազփրոմ»-ը ստանայ այն ինչ որ որոշած էր ստանալ Երեւանէն: Կարեւորը ա՛յն է, որ ընդդիմութիւնը երկար տատամսումներէ, անյաջող փորձերէ եւ ենթակայական պատճառներով համախոհութեան եւ համակարգաւորուած աշխատանքի չյանգելու երեւոյթներէն ետք, այժմ ուժերը համախմբած է յստակ օրակարգի կէտի վրայ եւ կը յայտարարէ, թէ յանուն արդարութեան եւ երկրի ինքնիշխանութեան անսասան պահպանման, պայքարը պիտի շարունակէ:

Այստեղ սակայն, ոչ թէ ուքրանական մայտանի նմանակումն է, որ շարժիչ գործօն պիտի հանդիսանայ ընդդիմութեան միաւորումի կայացման համար:

Օրակարգը պէտք չէ շեղել եւ արեւմտամէտութեան ու ռուսամէտութեան ճամբարներու սահմանագծումներ կատարելով ընդդիմադիր եւ քաղաքացիական շարժումները  այլ հարթութիւն տեղափոխելու փորձ կատարել:

Միաւորումը յստակօրէն կեդրոնացած է տուեալ համաձայնագիրը չվաւերացնելու համար դրսեւորուած կամքին վրայ: Այս համաձայնագիրը յստակ է, որ չի բխիր պետութեան եւ ժողովուրդին շահերէն: Իշխանական թէ ընդդիմադիր դաշտէն հնչող եւ օրակարգի փոփոխութեան միտող որեւէ մօտեցում պէտք չէ յաջողի շեղել շարժումը իր ճշդած նպատակէն:

Տարեփակին, ընդդիմադիր դաշտը միաւորուելու նախադրեալներ կը պարզէ:

«Ա.»

Նախորդը

Խորհրդարանական Ընդդիմութեան Պոյքոթին Եւ Բողոքի Ցոյցի Մթնոլորտին Մէջ. Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վաւերացուց Կազին Վերաբերող Համաձայնագիրները

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.