Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մելգոնեանցիներու Աշխարհը» (Հեղինակ` Թորոս Թորանեան)

December 24, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Kirk_Toros-Toranian2013-ին Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է սփիւռքահայ գրող, հրապարակագիր եւ խմբագիր Թորոս Թորանեանի «Մելգոնեանցիներու աշխարհը» խորագրեալ գործը, որ կը բաղկանայ 120 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 27 յուշագրական բնոյթ կրող գրութիւններ:

Կ՛ուզենք անմիջապէս յայտնել, թէ Թորոս Թորանեան սուրիահայ վաստակաւոր բժիշկ-գրագէտ մըն է, որ իր կեանքին կարեւոր մէկ բաժինը անցուցած է այցելելով հայկական եւ օտար բազմաթիւ գաղթօճախներ: Թորոս Թորանեան այն բացառիկ ուղեւորներէն է, որ խորապէս կը սիրէ ճամբորդել ազգային, կրթական, գրական եւ մշակութային ծրագիր մը կենսագործելու ցանկութեամբ:

Այս առումով, Թորանեան այն բանաստեղծն է, որ կը բաղձայ հաստատել ծանօթութիւն որեւէ հայ օճախի հետ, որ ունի հեռաւոր կամ մօտիկ առնչութիւն Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հետ:

Ահա թէ ինչո՛ւ զոհելով իր սեփական հանգիստն ու երջանկութիւնը` Թորոս Թորանեան կը ճամբորդէ յաճախ հեռաւոր ոստաններ, մելգոնեանցի շրջանաւարտներու հետ առնչուած հին յիշատակ մը փնտռելու եւ զայն կեանքին վերակոչելու անզանցառելի բաղձանքով:

Այս ուղեւորութիւնը ապարդիւն չ՛անցնիր, տրուած ըլլալով, որ «օտար, ամայի ճամբաներու վրայ» իր իւրաքանչիւր ոտնակոխին Թորանեան կը հանդիպի վաղեմի յուշերով տոգորուած դասընկերոջ մը անպայման, որուն հետ կ՛ըմբոշխնէ իր պարմանութեան վաղանցուկ այն անմոռանալի տարիները:

Թորոս Թորանեան կ՛ըսէ, թէ «Մելգոնեանցիներու աշխարհը» հատորը գրած պահուն իր առաջնահերթ նպատակն է եղած համախմբել գրականութեան եւ մշակոյթի միեւնոյն առանցքին շուրջ այն բոլոր ուսանողները, որոնք տարիներ առաջ աւարտած են Մելգոնեան հաստատութիւնը եւ այժմ կը պաշտօնավարեն տարբեր ասպարէզներու մէջ` իբրեւ կրթական մշակներ, առեւտրականներ եւ ազատ արհեստաւոր մարդիկ:

Այս յղացքով, Թորանեան իր խոր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Մելգոնեան այն երկու եղբայրներուն, որոնք հակառակ թերի ուսում ունենալնուն` իրենց ամբողջ հարստութիւնը կը կտակեն հայ ազգին, որպէսզի հայ ժողովուրդի որբ եւ անօթեւան զաւակները զոհ չերթան թուրք զինուորներու ոճրապարտ արարքներուն:

Ահաւասիկ, թրքական եաթաղաններէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի որբերն են, որոնք հանգստաւէտ օճախ գտնելէ ետք Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, կը խոստանան կենցաղային ի՛նչ պայմաններու տակ ալ ապրին եւ գոյատեւեն, ըլլան հաւատարիմ իրարու եւ գործեն շարունակ` Մելգոնեան վարժարանի բարոյական թելադրանքով:

Թորոս Թորանեան կ՛ըսէ, թէ Մելգոնեանի գրականութեան դասատուն բանաստեղծ Վահէ Վահեանն էր, որ հակառակ ճարտարագէտ ըլլալուն` ձեռնհասօրէն կը վարէր իրեն վստահուած կրթական առաքելութիւնը: Կ՛ըսէ, թէ աշակերտները շատ կը սիրէին Վահէ Վահեանին դասերը, զորս ուղղակի խրախճանք կը նկատէին:

Թորանեան մելգոնեանցիներէն կը յիշէ Մանուէլ Քէօսէեանը` իբրեւ տիպար մտաւորականի, որ ծնած է Հալէպ: Մանուէլ նախնական ուսումը ստանալէ ետք իր ծննդավայրին մէջ, կը յաճախէ Մելգոնեան երկրորդական վարժարան, զոր աւարտելէ ետք կ՛անցնի Հայաստան: Ապա յաջողութեամբ կ՛աւարտէ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը: Ընթերցասէր էր Մանուէլ Քէօսէեան, որ իր կեանքին կարեւոր մէկ մասը յատկացուց հայ ժողովուրդի պատմութեան ու լեզուին` ձեռքին ունենալով Դաւիթի Թուր Կեծակին եւ Անդրանիկի սուրն ու անխաբ ատրճանակը:

Ազգին ծառայելը իր նշանաբանն էր: Կրթական գործունէութեան բերումով, Մանուէլ Քէօսէեան ճամբորդած է ամէնուրեք` Կիպրոս, Գահիրէ, Ատիս Ապեպա, Երուսաղէմ, Պէյրութ, Հալէպ, Խարթում, Մոնրէալ եւ դարձեալ եղած է հաճելի ներկայութիւն Մելգոնեան վարժարանին մէջ` իբրեւ ուսուցիչ կամ դասախօս:

«Մելգոնեանցիներու աշխարհը» խորագրեալ հատորին հիմնական մտածումը այն է, թէ Մելգոնեանէն շրջանաւարտ ուսանողներ, առանց բացառութեան, պէտք է գործնապէս սատարեն իրենց կրթական հաստատութեան նիւթա-բարոյական վերելքին: Ահա թէ ինչո՛ւ մելգոնեանցի երկու ընկերներ` Յակոբ Մխսեան ու Երջանիկ Սամուէլեան առաւելագոյն խանդավառութեամբ կը տարածեն հայ մշակոյթը, հայ գեղանկարչութիւնը, կոմիտասեան երգերը եւ հայ երգերը` կազմակերպելով հեռաւոր արեւելքի մէջ հայկական շքեղ երեկոներ:

Հատորին մէջ կը գրաւէ հետաքրքրական տեղ մը «Հացադուլ» խորագրեալ այն գրութիւնը, որ կը վերաբերի մելգոնեանցի որոշ կարգի աշակերտներուն, որոնք հացադուլի կը դիմեն հաճելի չգտնելով վարժարանին կողմէ իրենց տրուած ճաշերը: Հակառակ տնօրէնին եւ աշակերտներուն միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն` այս հարցը կը մնայ անլոյծ: Այսուհանդերձ, հակառակ նաեւ աշակերտներու կողմէ եղած անդրդուելի ընդդիմութեան, հարցը կը յանգի տրամաբանական լուծումի` շնորհիւ անգլերէն լեզուի ուսուցիչ Շէօհմելեանի բարեմիտ միջամտութեան: Արդարեւ, առանց յարուցելու որեւէ բողոք, Շէօհմելեան կը յայտնէ աշակերտներուն, թէ վարժարանէն կը ստանայ միայն տասնեօթ սթերլին, որ հազիւ կը բաւէ իրենց ընտանեկան առօրեայ ծախսերուն: Ապա ցոյց տալով աշակերտներուն իր հագած կարկտանով տաբատը` կ՛ըսէ.

– «Ահա այսպէս, տղա՛ք, հակառակ խղճալի վիճակիս ես հացադուլ չեմ ըներ»:

Աշակերտները, իսկոյն հետեւելով Շէօհմելեանի վարակիչ օրինակին, կը դիմեն սեղանատուն` վերջ տալով իրենց հացադուլին…

Պէտք է ըսել, թէ նոյնպէս օժտուած է հետաքրքրական տուեալներով «Հայ քահանային պատմածը» խորագրեալ այն գրութիւնը, որուն նիւթը քաղուած է ապրիլեան եղեռնաշուք տարիներէն:

Այսպէս, պատմուածքին հեղինակը, որ ծերութեան տարիքը թեւակոխած հայ քահանայ մըն է, կը փափաքի պտոյտի տանիլ իր երկու թոռնուհիները` Նուշիկն ու Նանօրը, Հալէպի Սեպիլ կոչուած շրջանը, որ այդ օրերուն ունէր հանրային գեղեցիկ պարտէզ մը: Կը պատմեն, թէ սոյն պարտէզին մէջ կային երեխաներու համար օրօրոցներ եւ սահնակներ, ինչպէս նաեւ` վանդակուած կապիկներ, թռչնազգիներ եւ աւազանի մէջ լողացող բադեր ու սագեր:

Ծեր քահանան կ՛ըսէ, թէ հայոց ջարդի օրերուն Սեպիլ ընդարձակ վայրը եղած էր հայ վերապրողներու բնակատեղին: Թէ` այդ պարտէզի մաշած վրաններուն տակ մահուան ճիրաններէն ազատած բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կ՛ապրէին իրենց որբացած զաւակներուն հետ:

Սակայն եղերականը այն երեւոյթն է, որ Սեպիլի մէջ ապրող հրեայ կիներ կու գային եւ նարինջ մը կամ բոկեղ մը տալով, հայ մանուկները ձիակառքերու վրայ դրած` իրենց տուները կը տանէին: Իսկ հայ մայրերը աղի արցունքով կը վազէին կառքերուն ետեւէն` զուր տեղ փորձելով հասնիլ անոնց…

Ըստ հայ քահանային, հայ մայրերը իրենց հոգեհատորները կը յանձնէին օտար կիներու, որպէսզի իրենց զաւակները սովամահութենէ փրկեն եւ նոյնպէս իրենք ալ չմեռնին անօթութենէ:

Ծերունի հայ քահանան կ՛ըսէ, թէ տարագրութեան օրերուն հանրածանօթ, տաղանդաւոր երգիծաբան Երուանդ Օտեան ուզած է ըսել մխիթարական քանի մը խօսքեր Սեպիլի մէջ հաւաքուած հայ որբերուն, բայց չէ կրցած խօսիլ, այլ դառնապէս լացած է` չդիմանալով ի տես հայ որբերու տառապակոծ եւ խղճալի վիճակին…

Իսկ տարիներ ետք սփիւռքահայ տաղանդաւոր բանաստեղծ Անդրանիկ Ծառուկեան, որ անձամբ ճանչցած է որբանոցի կեանքը, անդրադարձած է այս սրտաճմլիկ ողբերգութեան «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» խորագրեալ յուշագրական իր հատորին մէջ, Ամանորի տօնախմբութեան առիթով, իրենց որբանոցին մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթի մը ընթացքին…

Իսկ երգիծանկարիչ Սարուխան, երբ օր մը հիւրաբար ճաշարան կը մտնէ Հալէպ եղած շրջանին, ճաշը աւարտելէն ետք, իմանալով, որ սոյն ճաշարանը կը գտնուի Սեպիլի մէջ` շուտով կը փսխէ…

Արդարեւ, «Մելգոնեանցիներու աշխարհը» խորագրեալ հատորը ունի սրտառուչ վախճան մը, այն իմաստով, որ մելգոնեանցիները ո՛ւր ալ երթան, իրենց տիպար եւ օրինակելի վարքով կը վերածեն կեանքը չքնաղ եւ վայելչական հեքիաթի մը:

 

Նոյեմբեր 2013
Պէյրութ

Նախորդը

Գովք Քաղաքական Իրաւ Միտքի

Յաջորդը

Յուշատետր. Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (313). ԱԿՆՈՑԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.