Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Հոգ Տանիլ Եղջերուներուն

December 21, 2013
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

yeghtcherou-1Սամի ցեղախումբին մանուկները ո՛չ միայն գրել եւ կարդալ կը սորվին, այլ նաեւ` եղջերուներու բուծանում, յատուկ դպրոցի մը մէջ:

Եթէ դուն տունը շնիկ մը ունիս, վստահաբար գիտես, թէ որքան դժուար է զայն դուրս հանել պտտցնելու ցուրտ օդին: Հետեւաբար կրնաս երեւակայել, թէ որքա՛ն աւելի դժուար կ՛ըլլայ ընտանիքի մը համար եղջերուներուն հօտը պահել Արքթիքի բեւեռային շրջաններուն մէջ:

Եոհան Անթէ Պուլժօ եղջերուներուն հոգ տանիլ սկսած է 10 տարեկանէն, սորված է իր ազգականներէն: Սակայն երկրորդական ուսումի ժամանակ արձանագրուեցաւ Սամի Հայ Սքուլ էնտ ռէյնտիր մանաճմընթ Սքուլ Քոթեքէյնայի մէջ, Նորվեկիա: Հոն ան միացաւ ուրիշ պատանիներու` սորվելու համար եղջերուներու բուծանում, որ սամի մշակոյթի աւանդութիւն մըն է:

yeghtcherou-3

yeghtcherou-2

 

 

 

 

 

 

 

Ամբողջ սերունդներ Եոհանի ընտանիքը, ինչպէս նաեւ ուրիշ բազմաթիւ անձեր, սամի ցեղախումբին մէջ, որ կ՛ապրի Նորվեկիոյ, Շուէտի, Ֆինլանտայի եւ Ռուսիոյ պզտիկ բաժինի մը մէջ, եղջերուներ բուծանելով` թափառաշրջիկ ապրած են: Անոնք ապաւինած են այս դիմացկուն անասունին` իրենց ուտելիքին, հագուելիքին եւ տեղափոխութեան համար: Անոնք ձմրան հօտը կը տեղափոխեն դէպի ծովեզերեայ շրջանները, գարնան, հոն, էգ եղջերուներուն ձագուկները կը ծնին: Սամի ժողովուրդը նման է Ամերիկայի քաու-պոյներուն, միայն անոնք կը պառկին Լաավու կոչուած կլոր վրաններու մէջ եւ, ձիերու փոխարէն ձիւնի ինքնաշարժներ կը գործածեն եղջերուները հաւաքելու համար:

yeghtcherou-4Սամի հայ սքուլ երկրորդական դպրոցը ուրիշ դպրոցներու նման է. հոն աշակերտները կը սորվին գրականութիւն, թուաբանութիւն եւ գիտութիւն: Սակայն որովհետեւ բազմաթիւ պատանիներ հետագային պիտի ստանձնեն իրենց ընտանիքին հօտին խնամքը, անոնք ունին նաեւ … եղջերուներու դասի պահը: Անոնք կը կարեն եղջերուի մորթէ վերարկուներ, գլխարկներ, ձեռնոցներ, եղջերուներով եւ ոսկորներով դանակներ կը շինեն: Անոնք կը սորվին նաեւ ինչպէս հողերը վարել եւ հոգ տանիլ ձիւնի ինքնաշարժներուն: Եղջերուներու հետ աշխատելու համար պէտք է տարբեր բաներ ընել գիտնալ` ինքնաշարժներ նորոգել, հօտը ղեկավարել եւ համբերատար ըլլալ:

Դպրոցական արձակուրդներուն աշակերտները կը միանան իրենց միշտ շրջող ընտանիքներուն, եւ իրենց սորված նոր գիտելիքները կը փորձեն գործադրել: Եոհան կը սիրէ յատկապէս ամառուան շրջանին տեղի ունեցող «նշանակումի» օրը, երբ եղջերուներու ձագուկներուն մորթին վրայ ընտանեկան նշանը կը տպուի:

Ասիկա շատ հին սովորութիւն մըն է, որ սերունդները կը ժառանգեն իրենց պապերէն: Եոհանն ալ իր ընտանեկան նշանը ժառանգած է, սակայն ան փոքրիկ փոփոխութիւններ մտցուցած է անոր մէջ` զայն անձնականացնելու համար:

* * *

Պատանի Սամիներուն Առօրեայէն

Ուտելիք – Եղջերուի միս, ձուկ, գետնախնձոր, սունկ, վայրի կարոս:

Տուն – Լաավու, հնդիկներու թիփիներուն նման կլոր վրան մը:

Աշխատանքներ – Ճաշ եփել, աման լուալ, պահեստները հաշուել, եղջերուները խնամել:

Հագուելիք – Կաքթի` պայծառ գոյներով բարձր օձիկով, ձեռագործով ծածկուած լայն մեծ շապիկ մը, եջերուի մորթի կաշիով վերարկուներ եւ գլխարկներ:

 

Ձեռային Աշխատանք

Կաղանդի Զարդարանքներ

 

Ա.- Ձիւնէ փաթիլներ

tserayin-1-2112

 

 

 

 

 

 

 

Այս ձիւնէ փաթիլները կրնաս գործածել Կաղանդի ծառդ զարդարելու կամ պատուհանիդ վրայ փակցելու համար:

Պէտք ունիս` Գաւաթի մը, ճերմակ թուղթի մը, մատիտի, մկրատի, խէժի, փայլուն փոշի:

Բացատրութիւն` 

tserayin-2-2112

 

 

 

 

 

 

 

1.- Գաւաթը դիր ճերմակ թուղթին վրայ եւ մատիտով մը գծէ անոր շրջագիծը: 2.- Գծած շրջանակդ կտրէ: Առաջին անգամ մը երկուքի ծալէ, եւ ապա դարձեալ ծալէ երկուքի:

tserayin-3-2112

 

 

 

 

 

 

3.- Պզտիկ ձեւեր կտրէ անոր երեք կողմերուն վրայէն: 4.- Թուղթը բաց եւ ձիւնի փաթիլիդ վրայ փայլուն փոշի փակցուր:

Բ.- Կաղանդ պապան եւ իր տոպրակը

Կրնաս գործածել այս Կաղանդ պապան` իբրեւ զարդ սեղանին վրայ, եւ կամ անոր վրայ թել մը անցնելով` զայն կախել Կաղանդի ծառիդ վրայ:

Պէտք ունիս` Խաւաքարտէ պզտիկ խողովակի մը, մատիտի մը, ճերմակ թուղթի մը, մկրատի, խէժի, ջրաներկի, բամպակի, բարակ խաւաքարտի կտորի մը` Կաղանդ պապային տոպրակին համար:

Պատրաստութիւն`

tserayin-4-2112

tserayin-5-2112

 

 

 

 

 

 

 

1) Կաղանդ պապային գլխու եւ գլխարկին բաժինը ընդօրինակէ ճերմակ թուղթին վրայ: Մելան մատիտ ներկելով կամ ջրաներկով գլխարկի բաժինը կարմիր ներկէ: Զայն կտրէ:

tserayin-7-2112

tserayin-6-2112

 

 

 

 

 

 

 

2.- Խաւաքարտէ խողովակը ջրաներկով կարմիր ներկէ: 3.- Գլխու բաժինը դուրսէն փակցուր խողովակին վրայ: Ձգէ, որ չորնայ:

tserayin-8-2112

 

 

 

 

 

 

 

4.- Կաղանդ պապային դէմքին մանրամասնութիւնները գծէ, ինչպէս նաեւ` վերարկուին կոճակները: 5.- Բամպակ փակցուր Կաղանդի պապային մօրուքին եւ գլխարկին ծայրին վրայ:

tserayin-10-2112

tserayin-9-2112

 

 

 

 

 

 

 

6.- Բարակ խաւաքարտի կտորը երկուքի ծալէ: Մէկ կողմին վրայ, ծալուած կողմէն սկսելով, գծէ տոպրակը: Զայն ներկէ եւ կտրէ: Տոպրակը դիր Կաղանդ պապային մօտը:

 

 

Խոհագիր

Կաղանդի Անուշեղէններ

Ա.- Թրիւֆ

Թրիւֆները պզտիկ, համով քաղցրեղէններ են քաքաոյով պատուած: Աւանդութիւն է Կաղանդին թրիւֆ հրամցնել կամ նոյնիսկ պզտիկ տոպրակի մը մէջ դրուած եւ անուշիկ ժապաւէնով մը զարդարուած` զանոնք նուիրել:

Պէտք ունիս (6 հոգիի համար, մօտաւորապէս 25 թրիւֆ) 200 կրամ սեւ տուրմի` անուշեղէնի յատուկ, 15 սանթիլիթըր հեղուկ քրեմի, 25 կրամ կարագի, 50 կրամ ոչ անուշ փոշի քաքաոյի:

Պատրաստութիւն

2.- Կաթսայի մը մէջ տուրմը եւ կարագը միասին հալեցուր` մեղմ կրակի մը վրայ դգալով մը խառնելով:
2.- Կաթսայի մը մէջ տուրմը եւ կարագը միասին հալեցուր` մեղմ կրակի մը վրայ դգալով մը խառնելով:
1.- Տուրմը եւ կարագը պզտիկ կտորներու վերածէ:
1.- Տուրմը եւ կարագը պզտիկ կտորներու վերածէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4.- Ձգէ, որ խառնուրդը պաղի եւ ապա զայն սառնարանին մէջ դիր նուազագոյնը 3 ժամ:
4.- Ձգէ, որ խառնուրդը պաղի եւ ապա զայն սառնարանին մէջ դիր նուազագոյնը 3 ժամ:
3.- Երբ տուրմը կակուղնայ, կաթսային մէջ աւելցուր քրեմը: Լաւ խառնէ եւ ապա այս խառնուրդը խորունկ ամանի մը մէջ պարպէ:
3.- Երբ տուրմը կակուղնայ, կաթսային մէջ աւելցուր քրեմը: Լաւ խառնէ եւ ապա այս խառնուրդը խորունկ ամանի մը մէջ պարպէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

6.- Քաքաոն պնակի մը մէջ դիր: Տուրմի իւրաքանչիւր գունդ գլորէ պնակին մէջ` զայն քաքաոյով պատելու համար:
6.- Քաքաոն պնակի մը մէջ դիր: Տուրմի իւրաքանչիւր գունդ գլորէ պնակին մէջ` զայն քաքաոյով պատելու համար:
5.- Սուրճի դգալով մը քիչ մը կարծրացած տուրմ առ: Զայն արագօրէն ափերուդ մէջ կլորցուր:
5.- Սուրճի դգալով մը քիչ մը կարծրացած տուրմ առ: Զայն արագօրէն ափերուդ մէջ կլորցուր:

 

 

 

 

 

 

- Թրիւֆները սառնարանէն հանէ հրամցնելէ 10 վայրկեան առաջ: Կրնաս զանոնք երեք օր պահել սառնարանը:
– Թրիւֆները սառնարանէն հանէ հրամցնելէ 10 վայրկեան առաջ: Կրնաս զանոնք երեք օր պահել սառնարանը:
7.- Թրիւֆները գեղեցիկ պնակի մը մէջ շարէ եւ զանոնք դարձեալ սառնարանը դիր մինչեւ հրամցնելու ժամանակ:
7.- Թրիւֆները գեղեցիկ պնակի մը մէջ շարէ եւ զանոնք դարձեալ սառնարանը դիր մինչեւ հրամցնելու ժամանակ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Բ.- Կաղանդի ծառի քուքի

Այս Կաղանդի ծառի ձեւով քուքիները պատրաստելը շատ հաճելի է… ինչպէս նաեւ` զանոնք ուտելը: Կրնաս չափահասէ մը խնդրել, որ քեզի օգնէ:

Պէտք ունիս` 110 կրամ կակուղցած կարագի, 110 կրամ շաքարի, 1 մեծ հաւկիթի` 2 թէյի դգալ ջուրով զարնուած, քիչ մը վանիլի, 275 կրամ ալիւրի, մեծ պտղունց մը պէյքինկ փաուտըրի, պտղունց մը աղի, վրան քսելու համար` փոշի շաքարի եւ ջուրի:

Պատրաստութիւն`

1.- Շաքարը եւ կարագը միասին զարկ փայտէ դգալով մը կամ մեքենայով, մինչեւ որ խառնուրդը կակուղնայ եւ քրեմի նման ըլլայ: 2.- Հաւկիթը զարկ ջուրին հետ եւ վրան աւելցուր վանիլը:
1.- Շաքարը եւ կարագը միասին զարկ փայտէ դգալով մը կամ մեքենայով, մինչեւ որ խառնուրդը կակուղնայ եւ քրեմի նման ըլլայ:
2.- Հաւկիթը զարկ ջուրին հետ եւ վրան աւելցուր վանիլը:
3.- Հաւկիթը աւելցուր շաքարին եւ կարագի խառնուրդին վրայ, խառնէ:
3.- Հաւկիթը աւելցուր շաքարին եւ կարագի խառնուրդին վրայ, խառնէ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 4.- Ալիւրը եւ պէյքինկ փաուտըրը եւ աղը մաղելով` խառնուրդին վրայ աւելցուր: Իրարու լաւ խառնէ, մինչեւ որ խմորի նմանի:
4.- Ալիւրը եւ պէյքինկ փաուտըրը եւ աղը մաղելով` խառնուրդին վրայ աւելցուր: Իրարու լաւ խառնէ, մինչեւ որ խմորի նմանի:
5.- Խմորը փաթթէ թափանցիկ քլինկ ֆիլմի կտորով մը եւ ձգէ, որ պաղի սառնարանին մէջ 30 վայրկեան: Փուռը վառէ 180 աստիճանի վրայ:
5.- Խմորը փաթթէ թափանցիկ քլինկ ֆիլմի կտորով մը եւ ձգէ, որ պաղի սառնարանին մէջ 30 վայրկեան: Փուռը վառէ 180 աստիճանի վրայ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

khohakir-15-2112

khohakir-14-2112

 

 

 

 

 

 

 

6.- Աշխատանքի սեղանիդ վրայ քիչ մը ալիւր սրսկէ, ինչպէս նաեւ` փայտէ գլանին վրայ: Խմորդ բաց եւ Կաղանդի ծառի կաղապարով մը քուքիները կտրէ: 7.- Փուռի ապսէի մը մէջ քիչ մը կարագ քսէ եւ ալիւր սրսկէ եւ վրան շարէ քուքիները: Զանոնք եփէ 10 վայրկեան: Փուռէն հանելէ ետք զանոնք հանէ ափսէին մէջէն եւ ձգէ, որ պաղին: 8.- Փոշի շաքարը քիչ մը ջուրով խառնէ (կրնաս նաեւ մէջը ուտուելիք ներկ դնել) եւ զայն քսէ ծառերուն վրայ: Ծառերը զարդարէ շաքարէ գոյնզգոյն գնդիկներով:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել նամակատուփին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել նամակատուփին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել թզուկին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել թզուկին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել այն եղջերուն, որ տարբեր է միւս եղջերուներէն:
Կրնա՞ս գտնել այն եղջերուն, որ տարբեր է միւս եղջերուներէն:
jam-5-2112
Կրնա՞ս օգնել Կաղանդ պապային` գտնելու համար եղջերուին կորսնցուցած զանգակները:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1963)

Յաջորդը

Սուրիական Օրագրութիւն 35

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.