Նախանցեալ օր Այն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մեկնեցաւ Լիբանանի ճատրակի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի ճատրակի կրտսերներու ախոյեանութեան:
Լիբանանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն հինգ լիբանանցիներ: Անոնք են` Հրակ Լախեան, Նանօր Արնելեան, Ճիօ Գալուստ, Յուշիկ Գայմաքամեան եւ Հրակ Գըլըպոզեան:
Նշենք, որ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 18-28 դեկտեմբերին:
Տեղի պիտի ունենան 8-էն 18 տարեկան դասակարգերու երկսեռ ախոյեանութեան մրցումներ:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի, ապա անիկա ունի 28 ներկայացուցիչ:


