ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ
Մարդկութիւնը հրաժեշտ կու տայ իր ամէնէն արի, ամէնէն իմաստուն, ամէնէն մարդասէր, ամէնէն արդարամիտ, ամէնէն ներողամիտ ու ամէնէն անոխակալ զաւկին` Նելսըն Մանտելային, Հարաւային Ափրիկէի առաջին սեւամորթ նախագահին, որ մահացաւ 5 դեկտեմբեր 2013-ին:
Ո՞վ Էր Մանտելա
Նելսըն Մանտելան ծնած է 18 յուլիս 1918-ին, Հարաւային Ափրիկէի մէջ:
Նախնական եւ երկրորդական ուսումը զանազան վարժարաններու մէջ ստանալէ ետք, իրաւագիտութիւն կ’ուսանի Հեր եւ Ուիթուոթըրսըրանտ համալսարաններուն մէջ: Ապրելով Ճոհանեսպուրկի մէջ` կը մասնակցի քաղաքի գաղութատիրութեան դէմ ծաւալող պայքարին, մասնակցելով «Էյ. Էն. Սի.»¬ի (Ափրիկեան ազգային քոնկրեսով) աշխատանքներուն: Որպէս իրաւաբան` բազմիցս կը ձերբակալուի իր քաղաքական համոզումներուն ու հակապետական կեցուածքին համար: Ափրիկեան ազգային քոնկրեսի ղեկավարներուն հետ կը դատուի, իբրեւ հայրենիքի դաւաճան, 1956-1961 տարիներուն: Սկզբնական շրջանին թէեւ կը մասնակցի խաղաղ ցոյցեր կազմակերպելու աշխատանքին միայն, սակայն հետագային,1961¬էն սկսեալ, Ափրիկեան Համայնավար կուսակցութեան հետ կը հիմնէ Էմ. Քէ. յեղափոխական կազմակերպութիւնը, խափանարարական միջոցներով պայքարելու համար Հարաւային Ափրիկէի apartheid (բաժանիչ, ցեղապաշտ) պետութեան դէմ: Մանտելան 1962-ին կը ձերբակալուի, կը մեղադրուի պետական յեղաշրջում կազմակերպելու յանցանքով, կը դատուի եւ կը դատապարտուի ցկեանս բանտարկութեան :
Մանտելա կը մնայ բանտարկուած 27 տարի, նախ` Ռոպին կղզի, ապա` Փոլսմուր եւ Վիքթոր Վերսթըր բանտերուն մէջ: Միջազգային երկարամեայ ճնշումներն ու ներքին պայքարը պատճառ կը դառնան, որ Մանտելա ազատ արձակուի 11 փետրուար 1990¬ին եւ Հարաւային Ափրիկէի նախագահ, Տը Քլերքի հետ սկսի բանակցութիւններու, որոնց նպատակն էր ցեղային խտրականութեամբ կառավարուող Հարաւային Ափրիկէն կերպարանափոխել ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած հանրապետութեան:
1994-ին տեղի կ՛ունենայ առաջին ժողովրդավարական բազմազգ նախագահական ընտրութիւնը, որուն ընթացքին Ափրիկեան ազգային քոնկրեսը կը յաղթանակէ, եւ Մանտելա կ’ընտրուի Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան առաջին սեւամորթ նախագահ:
Մանտելայի կառավարութիւնը կը ճանչցուի որպէս ազգային միասնութեան կառավարութիւն: Նորընտիր նախագահին հրաւէրով բազմաթիւ ուրիշ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւս մաս կը կազմեն նոր կառավարութեան: Ըստ բանակցութիւններու ընթացքին գոյացած համաձայնութեան, կը պատրաստուի նոր սահմանադրութիւն, որով միանգամընդմիշտ կը վերանայ ցեղային խտրականութիւնը եւ հիմը կը դրուի ժողովրդավարական պետութեան: Նելսըն Մատելա կը կազմէ նաեւ յատուկ մարմին մը, որուն պարտականութիւնը կ՛ըլլայ քննել անցեալին մարդկային իրաւանց դէմ գործուած արարքները:
Երկրորդ նախագահական ընտրութեան Մանտելա կը մերժէ իր թեկնածութիւնը դնել` նախընտրելով նուիրուիլ «Նելսըն Մանտելա հիմնարկութիւն»-ի բարեսիրական աշխատանքներուն:
Շրջան մը Մանտելա դատապարտուեցաւ որպէս մարքսական ահաբեկիչ` իր հակառակորդներուն կողմէ, որոնց մէջ կը գտնուէին բազմաթիւ արեւմտեան պետութիւններու ղեկավարներ, որոնք հետագային զինք բնութագրեցին որպէս հերոս, ազատամարտիկ, հայրենասէր, մարդասէր, եզակի անձնաւորութիւն եւ նման բազմաթիւ այլ որակումներով:
Մանտելա արժանացած է աւելի քան 250 պարգեւներու, ինչպէս` Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակ, Միացեալ Նահանգներու Նախագահական ազատութեան շքանշան, Խորհրդային Միութեան Լենինեան մրցանակ եւ այլն:
Մեծ է Նելսըն Մանտելայի թողած ժառանգը ո՛չ միայն իր ժողովուրդին, այլ նաեւ համայն մարդկութեան համար: Այսօր ամբողջ աշխարհը կը խոնարհի վրէժխնդրութեան դաշոյնէն ներողամտութեան, հաշտութեան, բարեկամութեան խոփ ձուլող եւ այդ խոփով եղբայրութեան դաշտեր ակօսող այս եզակի մարդու դագաղին առջեւ:
Հանդիպում` Նելսըն Մանտելայի Հետ
1980-ական թուականներուն առեւտրական ներկայացուցչութիւն մը ունէինք Զիմպապուէի մայրաքաղաք Հարարէի մէջ: Լոնտոն հիմնուած մեր ընկերութիւնը Հարարէի գրասենեակին միջոցով կ’իրագործէր զանազան ծրագիրներ պետական կառոյցներու համար` եւրոպական մեծ ընկերութիւններու հետ համագործակցութեամբ:
1988 թուականին Հարարէի մեր ներկայացուցիչներուն հետ որոշեցինք հիմնել «Նախագահական ֆոնտ» բարեսիրական հիմնադրամը եւ զայն դնել Ռոպերթ Մուկապէի տրամադրութեան տակ: Բնական է, որ հիմնադրամը ստեղծեցինք նախագահին գիտակցութեամբ եւ հաւանութեամբ: Հիմնադրամին ի նպաստ կազմակերպեցինք հասութաբեր քանի մը ձեռնարկներ, ներառեալ` աճուրդ մը, ուր վաճառուեցան մեզի հետ համագործակցող տարբեր ընկերութիւններէ ստացուած նուէրներ: Նուէրներէն մէկն ալ Մերսետես ինքնաշարժ մըն էր, որ վաճառուեցաւ չորս միլիոն Զիմպապուէն տոլարի: Աճուրդը, որուն ներկայ գտնուցաւ նաեւ նախագահ Մուկապէ, հիմնադրամին համար ապահովեց պատկառելի գումար մը: Այդ տարիներուն հիմնադրամի աշխատանքներուն հետ կապուած հարցերով յաճախ առիթ կ՛ունենայիք հանդիպելու նախագահին:
1990-ին մեծ շուքով նշուեցաւ Զիմպապուէի անկախութեան տասնամեակը: Այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներէն մէկն ալ պետական ճաշկերոյթ մըն էր, որուն հրաւիրուած էին ափրիկեան երկիրներու գրեթէ բոլոր նախագահներն ու տարբեր պետութեանց ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ` բարձրաստիճան եկեղեցականներ, քաղաքական ու մտաւորական գործիչներ: Հրաւիրեալներու մէջ էր նաեւ Նելսըն Մանտելա, որ միայն քանի մը ամիս առաջ ազատ արձակուած էր բանտէն:
Որպէս «Նախագահական ֆոնտ»-ի անդամներ` կինս եւ ես ալ հրաւիրուած էինք մասնակցելու տօնակատարութիւններուն: Պետական ճաշկերոյթին մեզի տրամադրուած սեղանը կպած էր Նելսըն Մանտելայի սեղանին, որով երեկոյթի ընթացքին յաճախ առիթ ունեցանք զրուցելու իրարու հետ:
Անկեղծ ըլլալու համար ըսեմ, որ Մանտելային պատկերը, որպէս մարդու, իրականութեան չհամապատասխանող խառնուածքի ու մտածելակերպի բոլորովին տարբեր գոյներով վրձինուած էր մտքիս մէջ: Կը սպասէի, որ քսանեօթը տարուան բանտարկութենէն ետք անոր մէջ տիրապետող գիծը ըլլար անիրաւուած մարդոց յատուկ բացասականութիւնն ու իր թշնամիներէն վրէժ լուծելու ցասումը: Ընդհակառա՛կը, դէմքի ժպիտին ուղիղ համեմատող մեղմութիւն մը կար ձայնին մէջ, որ անդորրութեամբ կը լեցնէր զինք ունկնդրողի հոգին: Քաղաքավարութիւնը, կնամեծարութիւնն ու փափկանկատութիւնը միշտ առկայ էին խօսակցութեան մէջ: Դժգոհութիւն եւ բարկութիւն բառերը անոր բառապաշարին մաս չէին կազմեր: Բանտերու մէջ տառապած, արհամարուած ու անարգուած այս արտակարգ մարդուն մէջ ատելութեան ուրուրը չէր կրցած բոյն դնել: Անոր մտածումներու կապոյտ երկնակամարին վրայ խաղաղութեան աղաւնիներուն միայն իրաւունք տրուած էր թռչտելու: Ահա մեր հանդիպումէն ստացած տպաւորութիւնս:
Ճաշկերոյթի աւարտին մեր զրոյցը շարունակեցինք յոտնկայս, սրահին մէկ անկիւնը: Մանտելա բացառիկ զարգացումի տէր անձ մըն էր: Քաջատեղեակ էր ժողովուրդներու պատմութեան: Հայոց ցեղասպանութեան մասին կարդացած էր Մորկընթաույի յուշերը, Բրիտանիոյ խորհրդարանին կողմէ հրատարակուած «Տը թրիթմընթ աֆ տը արմինիընզ անտըր տը Օթթոմըն էմփայր» եւ այլ գիրքեր: Անոր սիրած հեղինակներուն մէջ առաջին տեղը կը գրաւէր Ուիլիըմ Սարոյեանը:
«Պրն. Մանտելա, այսքան գիտելիք ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ձեռք բերած էք», հարցուցի:
«Բանտին մէջ մէկ բան առատ է` ժամանակը: 27 տարիներու ընթացքին կարդացած եմ գրեթէ բոլոր ժողովուրդներու պատմութիւնը: Ամբողջ գիտակից կեանքս եղած է պայքար անարդարութեան եւ ցեղային խտրականութեան դէմ: Հասկնալի է ուրեմն, թէ ինչո՛ւ հայ եւ հրեայ ժողովուրդներու դէմ գործուած ցեղասպանութեան պատմութիւնը աւելի մօտ է սրտիս»:
Մեր խօսակցութեան միջամտեց ապահովութեան պաշտօնեան. «Պէտք է մեկնինք, պրն. Մանտելա»:
Իրեն յատուկ քաղցր ժպիտը դէմքին, մեղմ, բայց յանդիմանական շեշտով մը ըսաւ ապահովութեան պաշտօնեային.
«Երիտասա՛րդ, կը տեսնես, որ կը զրուցեմ պրն. Կիւզելեանին հետ. երբ մեր զրոյցը աւարտի, կու գամ դուրս»:
Երբ բաժնուեցայ Մանտելայէն, հոգեպէս հարստացած զգացի ինքզինքս:
Մարդկային վեհագոյն սկզբունքներու տէր այս մարդը, որ գիտցաւ ատելութիւնը կերպարանափոխել սիրոյ, տապալել վրիժառութեան չաստուածին արձանն ու անոր տեղ կառուցել իրերհասկացողութեան, փոխադարձ յարգանքի ու համերաշխութեան տաճարը, արժանի է համայն մարդկութեան յարգանքին:
Արդարեւ, ամբողջ աշխարհը այսօր երկիւղածութեամբ ծունկի եկած է անոր յիշատակին առջեւ: Նելսըն Մանտելան մեռած է, բայց չէ մահացած:
Մեծութիւնները կը մեռնին, բայց չեն մահանար:


