Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշատակի Երեկոյ` Նուիրուած Հայրենի Վաստակաշատ Դերասան Սօս Սարգսեանի

December 11, 2013
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Housh-Yerego_Sos-Sargsian

Երէկ` երեքշաբթի, 10 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի ընտանիքը եւ մշակութասէր հանրութիւնը նշեցին մեծ հայորդի, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, արուեստագէտ, բեմադրիչ եւ դերասան Սօս Սարգսեանի յիշատակը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան:

Սիլվա Քիւրքճեան
Սիլվա Քիւրքճեան
Փրոֆ. Դաւիթ Մուրատեան
Փրոֆ. Դաւիթ Մուրատեան

Յուշ երեկոն սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով յիշատակը մեծ արուեստագէտին եւ իր իսկ ձայնով ու ներկայացումով «Թողէք գնամ…» խորագիրով տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ: Ապա Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ նշեց, թէ հակառակ կլիմայական աննպաստ պայմաններուն, մշակութասէր հայորդիներ այսօր եկած են յարգելու յիշատակը մեծ վարպետին, վերյիշելու իր խորհրդաւոր ներկայութիւնը եւ ապրելու այն տպաւորիչ պահերը, զորս կ՛ապրէր հանդիսատեսը Սօս Սարգսեանի իւրաքանչիւր ներկայացման ընթացքին խորին շնորհակալութիւն յայտնելով Սարգսեանի այրի Նելլի Սարգսեանին եւ ժապաւէններու մասնագէտ փրոֆ. Դաւիթ Մուրատեանին` իրենց ներկայութեան համար, Լիբանան այցելելու Համազգայինի հրաւէրին ընդառաջելով:

Երեկոն շարունակուեցաւ տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որուն մէջ ներկայացուած էին վկայութիւններ Սօս Սարգսեանի մասին` տարբեր մարզեր ներկայացնող:

Ապա Հայաստանի ժապաւէնի ակադեմիայի նախագահ, փրոֆ. Դաւիթ Մուրատեան բեմ բարձրացաւ եւ ներկայացուց Սօս Սարգսեանը` իբրեւ արուեստագէտ, որ մեզ կը բարձրացնէր մեր առօրեայէն` ստեղծելով հայու կենսապատում եւ մարդու կենսապատում: Ան դարձաւ հայ ժողովուրդի կեանքի մասնակից` իր բոլոր հոգերով եւ պայքարներով: Անոր ժապաւէններով բացուեցաւ ոչ միայն ֆիլմաշխարհի նոր էջ, այլեւ հայկական ինքնութեան ճանաչման նոր էջ` հասկնալով հողի խորհուրդը:

Սօս Սարգսեան կը ներկայացնէ այն արժէքները, որոնք մարդը մարդ կը պահեն, հայը` հայ:

Սօս Սարգսեան հին երկրի յիշողութիւնը ներկայացուց նոր Հայաստանի մէջ: Ան «Նահապետը» տիպարը խաղալով իւրացուց այդ կերպարը եւ ապրեցաւ անով: Ան «ես»-ը վերածեց «մենք»-ի: Ան հայրենիք արտացոլող արուեստագէտ էր, Սօս Սարգսեան խորհրդային վարչակարգի, այդ դժուարին պայմաններուն մէջ իր կերպարով ստեղծեց հաւաքական յիշողութիւն մարմնացնող տիպար: Իր «Ձորի միրօ»-ով ան ներկայացուց հայ մարտիկի անկոտրում կամքը, այս ժապաւէններով ան ամբողջ սերունդներ կը կապէր իրենց արմատներուն, իրենց ինքնութեան: Ասոր փայլուն վկան է այսօրուան արցախեան յաղթանակը, ուր ոչ միայն յաղթեց հայ զինուորը իր զէնքով, այլեւ յաղթեց հայ մշակոյթը` Սօս Սարգսեանի ներկայացուցած տիպարներով:

Կան արուեստագէտներ, որոնք կը կերտեն ժամանակը: Ասոնց շարքին է Սօս Սարգսեան, որ կերտեց մեր ժամանակները:

Փրոֆ. Դաւիթ Մուրատեան աւելցուց, որ Սօս Սարգսեան Հայաստանի դժուարին տարիներուն ընթացքին կրցաւ մշակոյթի օճախ ստեղծել` հիմնելով «Համազգային» թատրոնը, որովհետեւ իրեն համար կար Հայաստանը, որ արժէր անոր համար զոհուիլ:

«Մենք այսօր հաւաքուած ենք խոստովանելու այն իրողութիւնը, որ Սօս Սարգսեանի նման մեծեր են, որոնք մեզ կապած են մեր էութեան հետ, մեր ժողովուրդի արժէքներուն հետ` գեղեցկօրէն, մարդկայնօրէն, ներշնչելով յոյս, հաւատք եւ մեզ դարձնելով իսկական հայ:

Djenderedjians

Ապա երեկոյին համահունչ ջութակով ելոյթ ունեցան Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեան եղբայրները, որոնք կատարեցին «Նարեկացիի տաղ»-ը որմէ ետք սոփրանօ Արեւիկ Գրիգորեան կատարեց կոմիտասեան «Տէր ողորմեա»-ն:

Գեղանի Էթիեմեզեան
Գեղանի Էթիեմեզեան
Նելլի Սարգսեան
Նելլի Սարգսեան

Համազգայինի ընտանիքին անունով խօսք առաւ Գեղանի Էթիեմեզեան, որ ներկայացուց Սօս Սարգսեանի կապը Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութեան հետ: Այս առնչութեամբ ան ըսաւ, որ մինչեւ 1991 Սօս Սարգսեան ուղղակիօրէն չէր առնչուած Համազգայինին: Ան ինքզինք իրագործած` նոյնքան յարգելի անձնաւորութիւն էր: Երեսուն երեք տարի նուիրուած էր թատրոնին, 1959-1980 բացուած էր դէպի ֆիլմարուեստի աշխարհ` եւ աւելի քան երեսուն հայկական ժապաւէններու մէջ իր մարմնաւորուած դերերով` դարձած էր հանրաճանաչ, եւ 1972-ին արժանացած` «ժողովրդային արուեստագէտ»-ի կոչումին:

Էթիեմեզեան նշեց, որ Սօս Սարգսեան նորագոյն մեր պատմութեան անկիւնադարձային հանգրուանին յանձնառու մտաւորականն էր, իր իսկ հաստատումով` «ազգին մէջ», «ազգին կողքին»: «Սօսի հետ համազգայնականներուս մտերմութիւնը սկսաւ 1991-ի դեկտեմբերի կիսուն, Համազգայինի Աթէնքի մէջ գումարուած Անդրանիկ պատգամաւորական ժողովէն տարի մը անց», ընդգծեց Էթիեմեզեան` նշելով Համազգայինի հետ հետագայ գործակցութեան հանգրուանները:

Ներկաները հայրենի լեռնաշխարհ փոխադրուեցան Սօս Սարգսեանի նկարներուն ընդմէջէն, որոնց կ՛ընկերակցէր Սարգսեանի իսկ ձայնով Նարեկացիի կտորներու շարքէն իր հարազատ ընթերցումը:

Սրտի խօսքը յուզմունքով արտասանեց Սօս Սարգսեանի այրին` երաժշտագէտ Նելլի Սարգսեան, որ ըսաւ, թէ շատ յուզիչ է խօսիլ մէկու մը մասին, որ մեծ հայ էր, մարդ մը, որ սրտցաւ էր իր հայրենիքի հարցերով: Սօս Սարգսեանի հասարակական գործունէութեան մասին խօսելով` Նելլի Սարգսեան ներկայացուց զայն իբրեւ պահանջատէր` իր ժողովուրդի խնդիրները ներկայացնելու իմաստով: Ան Վիքթոր Համբարձումեանի, Գէորգի Պետրոսեանի եւ այլոց հետ միասին յայտարարեց հացադուլ, որ միայն Վազգէն Ա. կաթողիկոսին խնդրանքով վերջ գտաւ: Հայ ժողովուրդի իրաւունքները պահանջող այս հացադուլէն ամէնէն շատ Սօս Սարգսեանը տուժեց իր առողջութեամբ:

Ղարաբաղեան շարժումին ընթացքին ան մնաց պատնէշի վրայ: Մեծ գործունէութիւն ծաւալեց երկրաշարժին ժամանակ: Տարբեր երկիրներէ օժանդակութիւններ իր անունով կը հասնէին Հայաստան:

Նելլի Սարգսեան նշեց, որ Սօս Սարգսեան մեծ դեր ունեցաւ Հայաստանի տարածքին կատարուող անտառահատման դէմ պայքարին մէջ: Սարգսեանի այրին իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած առիթին համար:

Երեկոյի աւարտին ներկաները դիտեցին Սօս Սարգսեանի 70-ամեակին նուիրուած տեսերիզ մը, որ կը ներկայացներ մեծ վարպետին կեանքն ու գործունէութիւնը:

Նշենք, որ այսօր Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Սօս Սարգսեանի «Եռանկիւնի» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնը պիտի ներկայացնէ փրոֆ. Դաւիթ Մուրատեան, երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լոս Անճելըսի Մէջ Լիբանանի Հիւպատոսը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.