Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նելսըն Մանտելան Միշտ Պիտի Մնայ Ախոյեան Արդարութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

December 10, 2013
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

nelson1Հարաւային Ափրիկէի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահին եւ ընդհանուր քարտուղարին ուղղած իր նամակով, Արամ Ա. կաթողիկոս կ՛ըսէ. «Նելսըն Մանտելայի մահը Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդը ձգեց առանց հօր եւ աշխարհը` առանց արդարութեան ու մարդկային իրաւանց կենդանի խորհրդանիշի մը»: Ապա վեհափառ հայրապետը կ՛աւելցնէ. «Միջեկեղեցական շարժումը միշտ պիտի յիշէ Նելսըն Մանտելան իբրեւ մեծ ղեկավար, որ ոչ միայն պայքարեցաւ արդարութեան վրայ խարսխուած խաղաղութեան համար ու շեշտեց համախոհութեան կարեւորութիւնը, այլ նաեւ այս գերագոյն արժէքները գործնապէս արտայայտեց իր կեանքին մէջ»:

Արամ Ա. կաթողիկոս կը յիշեցնէ իր նամակին մէջ, թէ «որպէս ատենապետ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց, պատեհութիւնը ունեցայ 1994-ին ներկայ գտնուելու Նելսըն Մանտելայի նախագահական երդման արարողութեան եւ միաժամանակ հրապարակային պատգամով Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդին փոխանցելու միջեկեղեցական ընտանիքին սիրոյ, յոյսի ու համախոհութեան պատգամը: Իսկ 1998-ին, ուրախութիւնը ունեցայ ողջունելու նախագահ Նելսըն Մանտելան դարձեալ իբրեւ ատենապետ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին Հարարէի (Զիմպապուէ) մէջ գումարուող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 8-րդ համաժողովին, ուր ան իր պատգամը ուղղեց»:

Վեհափառ հայրապետը ապա կը հաստատէ, որ «հայ ժողովուրդը միշտ կը մնայ ներշնչուած մարդկային իրաւանց նկատմամբ Նելսըն Մանտելայի ամուր յանձնառութենէն: Իսկ Միջին Արեւելքի մէջ, որ ծննդավայրն է միաստուածեան երեք կրօններուն եւ ուր խաղաղ գոյակցութիւնն ու փոխադարձ ճանաչումը միշտ ներկայութիւն են մեր աղօթքներուն ու մտածումներուն մէջ, Մանտելային մեծ աւանդը կը մնայ յոյսի աղբիւր»: Վեհափառ հայրապետը Հարաւային Ափրիկէի եկեղեցիներու խորհուրդին ուղղած իր նամակը կ՛եզրակացնէ կոչ ուղղելով Աստուծոյ Որդւոյն յայտնութեան տօնի սեմին «դառնալու Բեթղեհէմին, ընդունելու խաղաղութեան Իշխանը ու վերանորոգելու մեր յանձնառութիւնը արդարութեան, խաղաղութեան եւ ազգերու միջեւ համախոհութեան» նկատմամբ:

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Սպիտակի Երկրաշարժի 25-րդ Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

Քերրի-Ֆահմի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.