Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դանիոյ Մամուլը Կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան. «Հայերու Պատմութիւնը Մեր Պատմութիւնն Է»

December 9, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Armenian-Genocide_Danish-newsԴանիոյ մէջ այս օրերուն մամուլը կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին մասին եւ դէմ կու գայ Թուրքիոյ ու Դանիոյ Ազգային գրադարանի գործակցութեամբ ծրագրուած ցուցահանդէսի մը դէմ: Բազմաթիւ մտաւորականներ ու գրողներ այժմ կը խօսին: Հայոց ցեղասպանութեան մասին ու կ՛ըսեն, որ հայերու այս տխուր պատմութիւնը մեր ալ պատմութիւնն է:

Ցեղասպանութեան մասին այս շարժումը ծնունդ առաւ, երբ անցեալ ապրիլ ամսուան ընթացքին հրատարակուեցաւ պատմաբան եւ համեմատական ցեղասպանութեան մասնագէտ Մաթիաս Պոռնլունտի մէկ գիրքը, որուն խորագիրն էր` «Հայոց ցեղասպանութիւնը սկիզբէն մինչեւ վերջ»: Այս գիրքին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէր անհերքելի փաստեր ու վկայութիւններ` Թուրքիոյ մէջ 1915-1923 թուականներուն հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան մասին:

Հայաստանի «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնն ալ հաղորդեց, թէ այս գիրքին հրատարակութենէն ետք դանիական մամուլի մէջ շարք մը յօդուածներ հրատարակուեցան Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով: Ասոնցմէ ամէնէն ուշագրաւներն էին «Քրիսթելիկթ Տակպլատ» թերթի մէջ 4 նոյեմբերին հրատարակուած քանի մը յօդուածները: Յօդուածներէն մէկուն հեղինակն էր յայտնի քաղաքական մեկնաբան Պենիամին Քրասնիկ, որ գրած է յօդուած մը` այսպիսի խորագրով` «Թուրքիոյ դեսպանութիւնը կը տատանի այլընտրանքային ցուցադրութեան կապակցութեամբ»: Քրասնիկ իր յօդուածին մէջ պատմած է, որ Թուրքիոյ դեսպանութեան ու Դանիոյ Թագաւորական գրադարանին միջեւ 2012 թուականին ստորագրուած էր համաձայնութիւն մը, որպէսզի բացուի ցուցահանդէս մը` հետեւեալ խորագրով` «Այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութիւնը», այլ խօսքով` «իբր թէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութիւն»: Ըստ Քրասնիկի, գրադարանի տնօրէն Քոլտինկ Էրլանթ ուժեղ քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ թուրքերու հետ իր կատարած այս գործակցութեան պատճառով, Դանիոյ ժողովուրդին կողմէ ցուցաբերուած ծանր ճնշումի պատճառով ցուցահանդէսին բացումը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականի մը, փոխուեցաւ նաեւ ցուցադրութեան անունը, որ կոչուեցաւ` «Թուրք-հայկական յարաբերութիւնները Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին»:

Այնուհանդերձ, գրադարանի ու դեսպանատան միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը տակաւին ուժի մէջ է: Բայց Թուրքիոյ դեսպանատունը տակաւին անհրաժեշտ նիւթերը չէ յանձնած գրադարանին, եւ քանի որ գրադարանին ծրագիրները արդէն ճշդուած են, յայտնի կը դառնայ, որ ցուցահանդէսին բացումը պիտի չհասնի 2014 թուականին: Այնուհանդերձ, մամուլը շարունակ կը յիշեցնէ Մաթիաս Պոռնլունտի քննադատութիւնը` Թուրքիոյ դեսպանատան հետ կնքուած համաձայնութեան կապակցութեամբ: Անոր պնդումով, այսպիսի համաձայնութեան մը ստորագրութիւնը անմտութիւն է: Գրադարանի տնօրէն Պոլտինկ Նիլսեն մեծ քանակութեամբ բողոքի նամակներ ստացած է աշխարհի զանազան կողմերէն եւ այս ճնշման տակ է, որ պարտաւորուեցաւ փոխել ամէնէն առաջ ցուցահանդէսին անունը, որ հիմա աւելի անվնաս դարձած է:

Յօդուածի վերջաւորութեան թերթն ալ յայտնած է այն կարծիքը, թէ Դանիոյ կառավարութիւնը պէտք է բարձրաձայն ըսէ այն, ինչ որ պէտք է ըսէ, այսինքն այն, որ մասնագէտներն ու հետազօտիչները ըսած են: Այն, թէ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին ցեղասպանութիւն կատարուած է հայերու նկատմամբ: Դանիոյ կառավարութիւնը, այսպէս չընելով` կը թոյլատրէ, որ Թուրքիա շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը: Անտերս Էլեփեք Մաթսենի կողմէ հրատարակուած գիրք մը, որ կը կոչուի «Դեռահաս Ապրորա Մարտականեանին յուշերը Ցեղասպանութեան մասին» եւ` «Հիմա փաստերը տեսար, յետոյ ի՞նչ պիտի ընես» յօդուածը կը ցոլացնեն լրագրողին այն տպաւորութիւնները, որ ան ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը այցելելէ ետք:

Պիրքէ Փեթերսըն ստորագրած է յօդուած մը, որուն խորագիրն է` «Հայերու պատմութիւնը մեր պատմութիւնն է»: Իր յօդուածին մէջ ան կ՛անդրադառնայ Պորլընտի գիրքին` յիշատակելով պատմական փաստեր եւ լուսանկարներ ու քարտէսներ: Ան կը նշէ, որ ամբողջ Եւրոպան վկայ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ եւ չէ միջամտած: Ան կը մէջբերէ Պորլընտի այն խօսքերը, թէ այդ պատահարներու ընթացքին սպաննուած աւելի քան մէկ միլիոն հայերու պատմութիւնը Եւրոպայի պատմութեան մէկ մասն է: Թուրքիա ցեղասպանութիւնը կը ժխտէ փոխհատուցման խնդրին պատճառով, քանի որ Թուրքիոյ տնտեսութեան գերակշիռ մասը հայերէ բռնագրաւուած ինչքերէն գոյացած է:

 

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աստուծոյ Համբերութեան Բաժակը Յորդելու Սկսած Է…

Յաջորդը

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Գ. Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.