Նախորդ շաբաթավերջին, Գերմանիան ներկայացնող հայ մարզիկ Սիւզի Քենթիքեան պաշտպանեց կռփամարտի թեթեւագոյն դասակարգի WBA-ի աշխարհի ախոյեանի իր տիտղոսը:
Այս առնչութեամբ ArmSport.am լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Քենթիքեանի մրցակիցը այս անգամ իտալացի Սիմոնա Քալասին Էր:
10 ռաունտ տեւած այս մենամարտին կէտերու տարբերութեամբ յաղթեց հայ մարզիկը` 98.5-94, 99-91.5 եւ 95-95.5 արդիւնքով:
Տիտղոսին տիրանալէ ետք Քենթիքեան ըսաւ. «Շնորհակալութիւն ձեր աջակցութեան եւ շնորհաւորանքներուն համար: Ես պաշտպանեցի աշխարհի ախոյեանի իմ տիտղոսս: Հիանալի երեկոյ էր անձամբ ինծի եւ խումբին համար»:


