
ՀՅ Դաշնակցութեան 123-ամեակին առիթով, երէկ` կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ դաշնակցական նահատակուած եւ մահացած նուիրեալներու, հերոսներու, գործիչներու եւ մտաւորականներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին կատարողութեամբ նուագուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` Դաշնակցութեան պանթէոնին դիմաց:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առաւ

, որ նշեց, թէ այսօր ոչ միայն եկած ենք յարգանքի տուրք մատուցելու մեր նահատակուած եւ մահացած ընկերներուն յիշատակին, այլեւ վերաժեւորելու անոնց գործը:
Աւետանեան շեշտեց, որ դաշնակցական գործին նկատմամբ բոլորին յանձնառութեան չափը, նուիրումը եւ հաւատքը միատեսակ է: Ան ըսաւ, որ եթէ այսօր պահ մը առիթ ունենանք հաղորդակցելու մեզմէ հեռացած ընկերներուն հետ, ապա անոնք վստահաբար հարց պիտի տան, թէ ո՞ւր հասաւ գործը:
Լեւոն Աւետանեան յայտնեց, որ դաշնակցական գործը բարդ գործ է, սակայն Դաշնակցութիւնը միշտ ալ գործած է հոսանքն ի վեր: Ան նշեց, որ Դաշնակցութեան անցեալն ու ներկան այդ կուսակցութեան բարոյական իրաւունք կու տան շարունակելու ըլլալ հայ ժողովուրդի ապագան հունաւորող հիմնական դերակատարը:
Պատգամախօսը իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Մենք մեր նահատակուած եւ մահացած ընկերներուն օրինակով կը գտնուինք երթը շարունակելու հրամայականին դիմաց, մեր աշխատանքը ե՛ւ որակով, ե՛ւ ծաւալով կրկնապատկելու մարտահրաւէրին դիմաց, ունենալով դաշնակցական սկզբունքները իբրեւ պատուիրան, գաղափարական աշխարհը իբրեւ արժէքային համակարգ եւ յեղափոխականութիւնը իբրեւ նկարագրային անջնջելի վարքագիծ»:
Հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւնը փակուեցաւ «Վէրքերով լի»-ի երգեցողութեամբ:


