Ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր 2013-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի տիկնանց համախմբումի կազմակերպած ամանորեան աւանդական ձեռնարկին` ներկայութեամբ մեծ թիւով հայուհիներու: Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի Գարէն Ղըրրաուիի նախագահութեամբ կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի տիկնանց համախմբումի նախագահ Գալին Վանլեան-Եաւերեան: Անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Եաւերեան յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկին հասոյթը ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս իբրեւ կրթանպաստ պիտի տրամադրուի ՀԲԸՄ-ի հովանաւորած վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներուն: Անդրադառնալէ ետք ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի գործունէութեան հիմնական իրագործումներուն` Եաւերեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի յաջողութեան նպաստած բոլոր միութենական թէ համակիր հայուհիներուն` իրենց ցուցաբերած սիրայօժար ու կամաւոր աշխատանքին համար: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օրուան նախագահ` Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի Գարէն Ղըրրաուիի, որ իր ներկայութեամբ յաւելեալ հմայք շնորհեց հանդիսութեան:
Իր կարգին Գարէն Ղըրրաուի անգլերէնով շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս առիթին համար: Այս առիթով Ղըրրաուի պարգեւատրուեցաւ հայկական ձեռագործի յատուկ յուշանուէրով:
Ամանորի յատուկ տօնածառի զարդեղէններու թէ առտնին պիտոյքներու կողքին, ցուցահանդէսի սրահը խճողուած էր նաեւ հայկական թէ լիբանանեան պիտանի սարքերով, ժամացոյցներով, անուշահոտերով, գոհարեղէններով, կանացի նրբաճաշակ հագուստեղէններով եւ այլ տարրական իրեղէններով: Սրահի մուտքին ուշագրաւ էին նաեւ տիկիններու կողմէ պատրաստուած հայկական թէ լիբանանեան տօնական յատուկ ուտեստեղէններն ու անուշեղէնները: Նմանապէս ուշագրաւ էին հայկական ձեռարուեստի գլուխ-գործոց ձեռագործները, մասնաւորաբար դրան մուտքին զետեղուած` բռնագրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանը ներկայացնող քարտէսի գորգը, որուն վրայ հիւսուած են հայկական գրաւեալ իւրաքանչիւր շրջանի աւանդական, տոհմիկ տարազները: Ձեռնարկին տօնական մթնոլորտ ներշնչող ամանորեան եղանակներուն կողքին, ՀԲԸՄ-ի Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները իրենց կարգին Ամանորի յատուկ խմբերգներով խանդավառեցին մթնոլորտը:


