Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԵՐԿՈՒ ՆԿԱՏՈՒՄՆԵՐ

June 20, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1) Թուրքիոյ խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխան եւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի անդամ Էմինէ Իւլքեր Թարհան գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալկըմայնէ Սոննթակցայթունկ»ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Թուրքիոյ մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրը պէտք է արտասանուի»: Առաջին ընթերցումով ասիկա կրնայ դրական յայտարարութիւն մը նկատուիլ, սակայն հարցազրոյցին քիչ մը աւելի ուշադիր ընթերցում մը, այլ իրողութիւն մը կը պարզէ:

Խօսելով Հրանդ Տինքի` «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելուն համար «թրքական ինքնութիւնը վիրաւորելու» յանցանքով մեղադրուելուն մասին` Թարհան կը յայտնէ, որ «կարծիքի արտայայտումը երբեք իբրեւ յանցանք պէտք չէ դիտուի: Որեւէ կարծիք պէտք չէ հետապնդումի ենթարկուի եւ պէտք է պաշտպանուած ըլլայ»: Ան իր միտքը աւելի պարզաբանելով կը նշէ, որ «ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ պէտք է արտասանուի այդ եզրը:®Սակայն միեւնոյն ժամանակ պէտք է կարելի ըլլայ ըսել ատոր հակառակը»:

Այլ խօսքով, թուրք նորընտիր երեսփոխանը չի բաւարարուիր Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը զուտ խօսքի ազատութեան ծիրին մէջ տեղադրելէ, այլ նաեւ զայն կ՛իջեցնէ սոսկական անձնական կարծիքի մը մակարդակին: Աւելի՛ն. անոր արտայայտութեանց մէջ տողատակի Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստին մերժումը պաշտպանելու խեղկատակ միտում մը կարելի է նշմարել:

2) ՄԻԹ կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի դէմ մահափորձ մը կը ծրագրուի: Այս տեղեկութիւնը նորութիւն մը չէ եւ որոշ ատենէ մը ի վեր շրջանառութեան մէջ դրուած է: Սամասթը սպաննելու ծրագիրը մէկ քարով երկու թռչուն զառնելու նպատակը կը հետապնդէ: Սամասթի սպանութիւնը ոչ միայն պիտի թաղէ Տինքի սպանութեան ծալքերը, այլ նաեւ յաչս միջազգային հանրութեան մարդասպանը պիտի վերածէ զոհի, իսկ յաչս թրքական հասարակութեան հերոսը` նահատակի:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

Նախորդը

ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՊԱՏԳԱՄ ՍՈՒՐԻՈՅ. «ՄԵՐ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՏԱԾ Է» ԵՒ «ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆԻՐԱՒՈՒԹԵԱՆ Ի ՏԵՍ ՁԵՌՆԱԾԱԼ ՊԻՏԻ ՉՄՆԱՆՔ»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.