Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

250,000 Տոլարի Նուիրատուութեամբ` Արմէն Եւ Սալբի Յարութիւնեան Կրթանպաստի Ֆոնտ` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

December 4, 2013
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Armen-slԳոհունակութեան խորունկ զգացումով ու հաճոյքով, Հայկազեան համալսարանին մէջ յայտարարուեցաւ հաստատումը Արմէն եւ Սալբի Յարութիւնեան մնայուն կրթանպաստին:

Արդարեւ, տէր եւ տիկին Արմէն եւ Սալբի Յարութիւնեաններ 250,000 ամերիկեան տոլարի հայ ուսանողներու կրթանպաստի անձեռնմխելի ֆոնտ մը հաստատեցին Հայկազեան համալսարանին մէջ:

Լիբանանահայութեան ծոցին մէջ իր վաթսունամեակի սեմին գտնուող Հայկազեան համալսարանին համար իւրօրինակ այս նուիրատուութեան պաշտօնական արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2013-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ, սեղմ շրջանակի մը մէջ:

Իր խօսքին մէջ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան բարձր գնահատեց այս նուիրաբերումը` մատնանշելով, որ համալսարանի մեծագոյն իրագործումը «հայ ուսանողին կրթանպաստ հայթայթելով համալսարանական կրթութեան առիթ յառաջացնելն է»` ընդգծելով, որ «մեր մեծագոյն պէտքերը այդ կալուածին մէջ են»: Ապա ան անդրադարձաւ բարերար ամոլին` շեշտելով անոր երկարամեայ ծառայութիւնները լիբանանահայութեան, եւ աւելցուց, որ Արմէն Յարութիւնեան բազմիցս օգտակար դարձած է լիբանանահայ կրթական ասպարէզին: Վեր. Հայտոսթեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ ներկայ նուիրատուութիւնը կու գայ կրթանպաստի մեծ կարիքներուն իր կարեւոր օգտակարութիւնը ունենալու:

Ապա համառօտակի ներկայացուեցան Արմէն Յարութիւնեանի կենսագրականը եւ հրատարակչական գործունէութիւնը:

Խօսք առնելով` բարերար Արմէն Յարութիւնեան «բարի» գտաւ նպատակը արարողութեան եւ մաղթեց, որ նման արարողութիւններ շատնան: Ան նշեց, որ Հայկազեան համալսարանը հայ երիտասարդութիւն կը մէկտեղէ եւ հայեցի մթնոլորտի մէջ զանազան մասնագիտութիւններ կը ջամբէ, որով կը բարձրանայ մեր ազգին ուսումնական արժեչափը, եւ կոչ ուղղեց. «Պէտք է գուրգուրալ Հայկազեան համալսարանին նիւթապէս եւ բարոյապէս»: Յարութիւնեան շեշտեց, որ Հայկազեան համալսարանը «բոլորին կը պատկանի», եւ առ այդ մաղթեց, որ այս արարքը վարակիչ դառնայ, ու իր խօսքը աւարտեց մէջբերելով Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» ուսանելի բանաստեղծութենէն`

«Ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,

Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ այն միայն»:

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին մտերիմ խօսակցութիւն ծաւալեցաւ:

Իւրօրինակ գնահատում մըն էր այս նուիրատուութիւնը` ուղղուած Հայկազեան համալսարանին, անոր հին ու նոր դասախօսական անձնակազմին եւ պաշտօնէութեան ծաւալած գործունէութեան ու կրթանուէր առաքելութեան:

Հայկազեան Համալսարան

3 դեկտեմբեր, 2013

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

17 Դեկտեմբերին` Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Հանդիպում

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.