Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բաց Դռներ» Նազարեան Վարժարանին Մէջ

December 4, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

nazarian1_NOV2013ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի մանկապարտէզի բաժինը երկրորդ տարին ըլլալով կը կիրարկէ «Բաց դռներ» օգտակար եւ տեղեկատուական ծրագիրը, որպէսզի աշակերտներուն ծնողները մօտէն ծանօթացնէ կիրարկուող ուսուցման  արդիական  միջոցներուն: Դպրոցին ղեկավարութիւնը ընտրած է ուսուցման այնպիսի ծրագիր մը, որ երեխաներուն համար հաճելի եւ տպաւորիչ ըլլան դասաւանդուող նիւթերը, միեւնոյն ժամանակ մանուկներուն մէջ արմատանան ինքնավստահութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը եւ կարողութիւններ դրսեւորելու ունակութիւնը:

Դպրոց ժամանած ծնողները երկու դասապահերու ներկայ եղան: Իրենց փոքրիկները դիտելով` անոնք բոլորը, անխտիր, յուզումով յիշեցին իրենց մանկութիւնը եւ գործօն մասնակցութիւն բերին դասերուն` ոգեւորելով մանուկները: Ծնողները հսկայական տարբերութիւն նկատեցին անցեալ եւ ներկայի մանկավարժութեան համակարգին, ինչպէս նաեւ ուսուցիչ-աշակերտ փոխյարաբերութեան մէջ:

Դասապահերէն ետք ծնողք եւ աշակերտ ընդմիջում մը ունեցան: Անոնք ծանօթացան իրարու ու մտերմիկ զրոյցի եւ տպաւորութիւններու քննարկման առիթ ստեղծուեցաւ:

nazarian2_NOV2013Օրուան ծրագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ կոկիկ յայտագիր մը, որ նուիրուած էր Լիբանանի անկախութեան տօնին: Աշակերտները ներկայացուցին իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները` տպաւորելով եւ ուրախացնելով ներկաները: Փոքրիկ համերգով, որ պատրաստուած էր յատուկ այդ օրուան համար,  աշակերտները գովերգեցին Լիբանան հայրենիքը` առանց մոռնալու իրենց արմատներն ու ինքնութիւնը:

Ծնողները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին  տարուած աշխատանքին համար, իսկ փոքրիկները շոյուած ուսուցչուհիներու եւ ծնողներու բարձր գնահատանքէն, կրկին անցան իրենց դասարանները` շարունակելով օրուան ծրագիրը: Մասնաւոր տեղ տրուած էր լեզուական նիւթերուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը մատուցուէր իրեն յատուկ ոճով:

Ծրագրի աւարտին ծնողներուն առիթ տրուեցաւ հանդիպիլ բոլոր ուսուցչուհիներուն հետ եւ տեղեկութիւններ ու թելադրանքներ ստանալ իրենց զաւակներուն մասին:

Նախորդը

Լիբանանի Անկախութեան 70-ամեակ Եւ Բաց Դռներու Օր

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Աշակերտներ Վայելեցին Մուշեղ Իշխանի Մտերմութիւնը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.