Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան 70-ամեակ Եւ Բաց Դռներու Օր

December 4, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

garmirian-(1)_NOV2013Լիբանանի Հանրապետութիւնը իր փաստացի քաղաքական անկախութիւնը ձեռք բերաւ 1943 թուականի նոյեմբեր 22-ին, օր, որ արդէն եօթտասնամեակէ մը ի վեր ծնունդ տուած է ազգային ամէնէն հպարտառիթ տօնին`  Անկախութեան տօնին:

Ամէն տարի այս թուականին, լիբանանահայերը սիրով կը նշեն այս թանկագին տօնը:

Այս տարի ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանը իր ամբողջ կազմով այցելեց Ռումիէի զօրանոցը, որպէսզի աշակերտութիւնը մօտէն ծանօթանայ իր ծննդավայրի զինուորական ուժին, գաղափար կազմէ երկրի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան պահպանման սատարող երիտասարդ զինուորներու զինավարժութեանց ու առօրեայ մարզումներուն:

Բանակայինները սիրով ընդունեցին կարմիրեանցիները եւ քայլ առ քայլ ծանօթացուցին զօրանոցին, զինուորներու առօրեային, կատարեցին մարզական տարաբնոյթ վարժութիւններ, մինչ դպրոցականները, յատկապէս տղաքը, մինչեւ վերջ մնացին աշխուժ հանդիսատեսի դերին մէջ:

Դպրոցականները ընդունող բանակային սպան նաեւ հիւրասիրութիւն կազմակերպեց կարմիրեանցիներուն համար: Արեւոտ ու պայծառ եղանակը նպաստեց, որ աշակերտները վայելեն զօրանոցին կանաչ մարզադաշտը: Լիբանանի անկախութեան տօնին առթիւ կարմիրեանցիները ծանօթացան բանակային կեանքի դժուարութիւններուն եւ հասկցան, որ զինուորական ըլլալը լուրջ ու հետեւողական աշխատանք կը պահանջէ:

***

garmirian-(2)_NOV2013Նոյեմբեր  20-ին ՀԲԸՄ Կարմիրեան վարժարանի մանկապարտէզը  «Բաց դռներու օր» յայտարարած էր: Տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած այս նախաձեռնութեան նպատակն է երիտասարդ ծնողները մօտէն ծանօթացնել իրենց երեխաներուն ուսումնական ծրագիրին եւ ընդհանրապէս ներդպրոցական աշխատանքներուն:

Սոնիա Տէյիրմենճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Քիչ անց վարագոյրը յուշիկ բացուեցաւ  եւ երեխաներուն  փունջը իր պայծառ  հայեացքով խինդ ու ժպիտ սփռեց չորս դին:

Հրաշալի ելոյթ ունեցաւ աշակերտական երգչախումբը: Դաշնամուրի մօտ երգի ուսուցչուհի Նորա Եղիայեանն էր, որ մեծ աշխատանք տարած էր, եւ ընդամէնը երկու կարճ ամիսներու ընթացքին  փոքրիկները տասնեակ մը երգեր իւրացուցած էին: Երգերը հնչեցին հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն  լեզուներով:

Երգերու հրաշալի մատուցումէն ետք երեխաները հանդէս եկան նաեւ պարով, որ նուիրուած էր Լիբանանի անկախութեան տօնին:

Բաց դռներու ծրագրին համերգային բաժինը եզրափակուած էր: Միւս բաժնով իւրաքանչիւր ուսուցիչ ծնողներուն ներկայացուց իր նիւթին  դասաւանդման կերպն ու առնչակից մանրամասնութիւնները:

Բաց դռներու միւս հանգրուանով ներկաները մասնակից եղան դասաւանդման պահի մը, որ առաւել ամբողջական դարձուց ուսուցման կերպի մասին անոնց պատկերացումները:

Արդէն կէսօր էր, երբ բաց դռներու օրը հասաւ իր աւարտին եւ ծնողներէն անոնք, որոնք յատուկ հարցումներ ունէին, կրցան առանձին տեսակցիլ ուսուցիչներուն հետ եւ պարզել իրենց հետաքրքրող խնդիրները:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Բաց Դռներ» Նազարեան Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.