Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նահապետը» Գնաց

November 30, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

1102Sos-Sargsyan1Սան Ֆրանսիսքոյէն դէպի Երեւան մեր օդանաւը կը սաւառներ անհունին մէջ իր երրորդ հանգրուանը` Վիեննայէն դէպի Երեւան, 2013 սեպտեմբերի 19-ի առաւօտեան ժամը 3:30-ին իջեւանելու համար «Զուարթնոց»  օդակայանը: Վիեննայէն թռիչք առնելէն ետք, յոգնած ու անքուն վիճակի մէջ անցեր էի արդէն յաջորդական օրերու ընթացքին կատարելիքներու մտորումներուս մէջ,  յաջորդաբար հանդիպելիք ընկերներուս, յանձնարարականներուս եւ գալիք պատահական հանդիպումներուս ու մանաւանդ մեր ընկ. Սօս Սարգսեանին հետ, 15 օրուան կեցութեանս ընթացքին քանի մը այլ ընկերներու հետ` ճաշի հանդիպումներ ու լաւ ժամանց ունենալու, ինչպէս որ սովոր էինք ընելու ամէն այցելութեանս առիթով,  ինչ որ, ափսոս, այս անգամին միայն փափաք մնաց:

Մէկ-երկու օր, գիշերը ցերեկէն զանազանելէն ետք, արդէն սկսած էի բնական առօրեայիս, առաջին գործերէս մէկն էր հեռաձայնել ընկ. Սօս Սարգսեանի բջիջային հեռաձայնին, որ միշտ ունեցած եմ տարիներէ ի վեր, ըստ հայաստանեան ընկալեալ սովորութիւններուն, բջիջային հեռաձայնները պատգամ ստանալու կերպը չունին, 8-10 անգամ զարնելէ ետք կը գոցես ու կը սպասես, որ պատասխան ստանաս, յաջորդաբար հեռաձայնեցի Համազգայինի կեդրոնական գրասենեակը, ուր ընկեր Սօսը իր գրասենեակն ու հեռաձայնը ունի, պատգամ ձգեցի, բայց դարձեալ անպատասխան մնացի: Յաջորդ օրը սկսայ հետաքրքրուիլ իրեն ու ինծի ծանօթ ընկերներու ու բարեկամներու միջոցով ու իմացանք, որ ընկ. Սօս լուրջ անհանգստութեան պատճառով փոխադրուած է հիւանդանոց. տէ, այս անգամ եկուր` գտիր, թէ ո՞ր հիւանդանոցն է:

Յաջորդ օրը այլեւս հիւանդանոց փնտռելու պէտք չմնաց, որովհետեւ հինգշաբթի 26 սեպտեմբեր 2013-ին Հայաստանի բոլոր թերթերն ու հեռատեսիլի կայանները գուժեցին մահը մեծանուն դերասանին` ըսելով, թէ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, 84 տարեկանին մահացած է հայ անուանի դերասան Սօս Սարգսեան: Ինչպէս նաեւ` կարգ մը այլ թերթեր զանազան վերտառութիւններով. «Նահապետը» գնաց, «Մահացել է հայ սիրուած դերասան Սօս Սարգսեանը», «Պապը հեռացաւ ընդմիշտ», «Կեանքից հեռացաւ հայ իրականութեան մէջ վերջին դասականը` Սօս Սարգսեանը», «Սօս Սարգսեանը կեանքից հեռացաւ հանճարեղ մէկի` Կոմիտասի ծննդեան օրը», «Մեր պանթէոնը հարստացաւ, բայց մեր կեանքը, մեր արուեստը եւ առաւել եւս մեր թատրոնը աղքատացաւ, քանի որ գնաց շատ մեծ արտիստ: Ես յատուկ ասում եմ ոչ թէ դերասան, այլ արտիստ, որովհետեւ արտիստի մէջ աւել շատ բան կայ` ե՛ւ մարդկայինը, ե՛ւ նրա վարպետութիւնը», «Հայաստանի ժողովրդական արտիստ Սօս Սարգսեանի հիմնադրած Համազգայինի թատրոնում երէկ մեծ կորստի ցաւն էր օդում կախուած»:

Մեծանուն դերասանին քաղաքացիական հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 սեպտեմբեր 2013-ի յետմիջօրէին, ժամը 6:00-էն սկսեալ, Համազգայինի պետական թատրոնին մէջ: Իսկ հրաժեշտի ժողովրդային վերջին արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 29 սեպտեմբերին, ժամը 11:30-13:30, Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ,  ուր ներկայ էին Հայաստանի քաղաքական եւ հոգեւոր, ինչպէս նաեւ արուեստի ու մշակոյթի ներկայացուցիչներ, ուրկէ յուղարկաւորներու բազմահազար բազմութիւնը Մաշտոց պողոտայով ուղղուեցաւ դէպի Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնը, ուսամբարձ յուղարկաւորութեան ընթացքին փորձուեցաւ Սօսի դագաղը տեղաւորել մեռելակառքին մէջ, որ հանդիպեցաւ յուղարկաւորներու բուռն ընդդիմութեան, որոտընդոստ ծափահարութիւններով, ապա յուղարկաւորութիւնը շարունակուեցաւ հետիոտն, մինչեւ պանթէոն, ուր նաեւ տեղի ունեցաւ թաղման արարողութիւնը:

ՀՅԴ իր խօսքը տուած էր մամուլով, բայց ափսոս որ`  ՀՅ Դաշնակցութեան մեծանուն շարքայինի մը  թաղման  արարողութեան ընթացքին ո՛չ Դաշնակցութեան զինանշանով դրօշակը ծածկուած է դագաղին վրայ եւ ո՛չ ալ հանգամանօրէն դամբանական մը խօսուած է գերեզմանատան մէջ:

1102Sos-Sargsyan-Office1«Հայկական Ժամանակ» թերթի աշխատակիցներէն Աննա Զախարեան Սօսի սոյն դիմանկարին ու որբ մնացած գրասեղանին մասին հետեւեալը կը գրէ. «Սօս Սարգսեանի աշխատասենեակում ամէն ինչ այնպէս էր, ինչպէս որ նա թողել էր մի քանի ամիս առաջ: Նրա գրասեղանին վերջին գրառումներն էին, սպիտակ թղթի վրայ թերեւս պարապութիւնից արուած վերջին գծանկարը, որտեղ կարծես հէնց իրեն է պատկերել: Սեղանի կողքին, գետնի վրայ դրուած էր նրա մեծադիր դիմանկարը, որը վերջերս էր նուէր ստացել, եւ որը, սակայն, այդպէս էլ  չէին հասցրել կախել պատից: Հայ թատրոնի եւ շարժապատկերի մեծ արտիստի աշխատասենեակում իր կարեւոր տեղն ունէր նրա համերկրացու` Յովհաննէս Թումանեանի լուսանկարը: Եռագոյնի հետ միասին դա կախուած էր նրա գլխավերեւում, իսկ Գարեգին Նժդեհի լուսանկարը` դիմացի պատին»:

1102SosNoubar1Ընկեր Սօսի հետ քանի մը ընկերներով մեր առաջին հանդիպումը, ծանօթութիւնը տեղի ունեցած էր 1991-ին, իր տան մէջ, Երեւան. խանդավառ օրեր էին, բազմազան ազգային ու քաղաքական նիւթերով: Սեղանի վրայ գեղեցիկ նախշերով նարտի մը կար, եւ ուշադրութիւնս յաճախ հոն կ՛երթար, կ՛երեւի ընկերոջ ուշադրութենէն չէր վրիպած այդ մէկը, հետաքրքրուեցաւ, թէ նարտի խաղալ կը սիրե՞մ, երկմտանքով ըսի` այո՛, անմիջապէս սեղանը պատրաստեց ու արդէն սկսանք խաղալ. ես խառնուածքով ընդհանրապէս կ՛ուզեմ գիտնալ, թէ գործս որո՛ւ հետ է, ըլլայ այդ ժողով, թէ պարզապէս նարտիի խաղ: Այս պարագային ընկերոջս հաճոյք պատճառելու համար պատրաստ էի սիրայօժար պարտուելու, խաղին ընթացքը ցոյց տուաւ, որ ուժերը հաւասար էին, նկարին արտայայտութիւններէն դատելով` կրնաք կռահել, թէ երկուքս ալ շատ ուրախ ենք, անշուշտ սա յաղթանակի ուրախութեան հետ կապ չունի, այլ` հարազատ զգացումներու:

«ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾ, ՀՈԳԻՍ ՉԱՌԱԾ` ԽԵԼՔՍ ՉԱՌՆԵՍ»:

Սոյն իմաստուն արտայայտութիւնը առաջին անգամ լսած էինք 2012-ի մայիսին, երբ նստած ու շրջապատած էինք  մեր սիրելի Սօսը ձորի ճաշարաններէն մէկուն մէջ` սանֆրանսիսքոցի քանի մը ընկերներով, ու ատկէ ետք մենք ալ մեր ականջին օղ ընելով այդ ոսկի խօսքը` յաճախ կը կրկնէինք ու տակաւին կը կրկնենք: Արդէն այդ մեր վերջին հանդիպումին յայտնի էր վարպետին տկարութիւնները, ձայնը շատ աւելի խռպոտ էր ու անդադար` հազ, այդ օրը մէկ բաժակով գոհացաւ, աւելի քիչ ծխեց ու շատ աւելի կարճ եղաւ մեր հանդիպումը, առողջութեան մաղթանքներով  ու 2013-ին դարձեալ հանդիպելու խոստումներով բաժնուեցանք իրարմէ®

Սիրելի՛ ընկեր Սօս,  յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ մեր մէջ, ու մեր հայրենի  սուրբ հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտ` Փոքրիկ Հայաստանը

Յաջորդը

Պաչաճեան Պիտի Մնայ Ասիրինքայի Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.