«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»

Կիրակի, նոյեմբերի 10-ին, «Ֆրանս 2» հեռատեսիլի կայանը ներկայացուց «Պուրճ Համուտ` փոքրիկ Հայաստանը» խորագրեալ հետաքրքրական յայտագիրը, որուն ընթացքին Լիբանանի ազգայիններէն Տիգրան Ճինպաշեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց քաղաքի պատմութեան, ներկայի կացութեան եւ հեռանկարներուն մասին, թէ ինչպէ՛ս 20-ական թուականներուն հոն կայք հաստատած են Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներ, մեծ մասամբ` Կիլիկիոյ շրջանէն, սերունդէ սերունդ փոխանցելով հայկական սովորութիւնները, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը: Առաջին հայեացքով աչքի կը զարնէին շէնքերէն կախուած հարիւրաւոր ելեկտրական լարերը, որոնք յառաջացած են Լիբանանի պատերազմի տարիներուն` ժողովուրդին ելեկտրականութիւն հայթայթելու նպատակով:
Շուրջ հարիւր տարուան պատմութիւն ունեցող քաղաքը միշտ բնաշրջումի մէջ է. 30-ական թուականներուն կառուցուած են զանազան թաղեր` Նոր Մարաշ, Նոր Սիս կամ Նոր Ատանա անուններով, ուր օրին քով-քովի գտնուող տարբեր արհեստներու կեդրոնները այսօր վերածուած են տեղական գոյներով հարուստ առեւտուրի շուկաներու: Նոր Մարաշի մէջ գտնուող Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին առաջին սրբատեղին է, որ կառուցուած է 1932-ին, ժողովուրդին ձեռամբ: Եկեղեցւոյ դպրաց դասի պատասխանատու, դպրապետ Կարօ Աղազարեան կը պատմէ իր ընտանիքին ոդիսականը, որ ջարդերէն ետք Ալեքսանտրեթէն կամ Կոստանդնուպոլսէն նախ Հալէպ, Դամասկոս եւ ապա Լիբանան փոխադրուած է, եւ ինք կը պատկանի երրորդ սերունդին, որ կ՛ուզէ մնալ Պուրճ Համուտի համեստ ժողովուրդի կողքին: Ան կ՛ըսէ, թէ իր հայրերը իմաստութիւնը ունեցած են իրենց գաղթած երկիրներուն մէջ եկեղեցի եւ դպրոց կառուցելու, որպէսզի պահպանուին հայոց լեզուն եւ հայկական ինքնութիւնը:
Հաղորդավարը նաեւ հարցազրոյց ունեցած է Մեսրոպեան կաթողիկէ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին հետ: Վերջինս կը տեղեկացնէ, որ հոն փոքր տարիքէն իսկ դասաւանդութիւնները կը կատարուին չորս լեզուներով` հայերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ անգլերէն, աւելցնելով, թէ հայկական սովորութիւններուն համաձայն, սփիւռքի մէջ միշտ ալ եկեղեցւոյ կողքին շինուած է դպրոց եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ` մշակոյթի տուներ, ակումբներ, ուր ստեղծուած են թատերախումբեր, երգչախումբեր: Պուրճ Համուտի մէջ այսօր կը գործեն ինը դպրոցներ, որոնք կը պատկանին հայկական եկեղեցւոյ երեք յարանուանութեանց` 5-ը առաքելական, 2-ը կաթողիկէ եւ երկուքն ալ` աւետարանական, իսկ աշակերտները կ՛աղօթեն ո՛չ միայն հայերէն, այլ նաեւ ըստ օրուան դասընթացքին` ֆրանսերէն կամ անգլերէն լեզուներով, ինչ որ հարստութիւն մըն է: Ինչ կը վերաբերի հայոց լեզուի ուսուցման, տնօրէնը կ՛ըսէ, թէ լեզուն պահպանելու համար պէտք է գործածել զայն, քանի որ առանց լեզուի` մենք կը կորսնցնենք ամէն ինչ:
Հայկական մշակոյթի պահպանումը կը կայանայ լեզուի, կրօնի, բայց նաեւ` ժողովրդական գործիքներու ուսուցումով, առաքելութիւն մը, որ ստանձնած է Համազգայինը` պարի, թատրոնի, եւ երաժշտութեան ճամբով աշակերտներուն ծանօթացնելով ոչ միայն հայ, այլեւ արեւմտեան մեծերու ստեղծագործութիւնները:
«Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւօ Կիտանեան կը խօսի լիբանանահայ լրատուամիջոցներուն մասին: Անոր համաձայն, Պուրճ Համուտի մէջ առաջին իսկ օրերէն կարեւոր դեր ունեցած է մամուլը` յանձինս մանաւանդ «Ազդակ» օրաթերթին, որ կը հրատարակուի հայերէնով: «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ կը գործէ նաեւ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը, որ ինքնութեան պահպանման իմաստով մեծ աշխատանք կը տանի:
Հաղորդավարը կ՛եզրափակէ` ըսելով, թէ Ցեղասպանութեան ժառանգորդները, շնորհիւ իրենց յարատեւ աշխատանքին եւ յարմարելու ընդունակութեան, կարեւոր դերակատարութիւն ունին թէ՛ հայկական, եւ թէ՛ լիբանանեան հանրային կեանքին մէջ:
Ժապաւէնը կարելի է դիտել այցելելով հետեւեալ կայքը` http://www.youtube.com/watch?v=AB394Gv4KSg


