Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԾԱՆՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ` ՊԱՊ ԹԸՊՊԱՆԷԻ ԵՒ ԺԱՊԱԼ ՄԸՀՍԵՆԻ ՄԻՋԵՒ

June 18, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– «ԲԱՆԱԿԻՆ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ
ՀՐԱՀԱՆԳ ՏՈՒԻ ԵՐԿԱԹԵԱՅ ԲԱԶՈՒԿՈՎ
ՀԱՐՈՒԱԾԵԼՈՒ ՕՐԻՆԱԶԱՆՑՆԵՐԸ»
Կ՛ԸՍԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

Երէկ երեկոյեան Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` իբրեւ հետեւանք Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ Թրիփոլիի մէջ Սուրիոյ վարչակարգին դէմ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին, որ տեղի ունեցած էր «Սուրիա» անունը կրող փողոցին վրայ, որ Պապ Թըպպանէն կը բաժնէ Ժապալ Մըհսենէն:

Զինեալ բախումները պատճառեցին չորս զոհեր` զինուորական Մահմուտ Ապտել Համիտ, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ալի Ֆարես եւ երկու քաղաքացիներ:

Բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան նաեւ 9 վիրաւորներ:

Լիբանանեան բանակը անմիջապէս փութաց բախումներուն վայրը` հակակշռելու համար կացութիւնը, սակայն բանակը իր կարգին կրակոցի ենթարկուեցաւ եւ անոր շարքերուն մէջ արձանագրուեցան վիրաւորներ:

Զինեալ բախումները եւ արձակազինութիւնը շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի հետ` քննարկելու համար հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ զինեալ բախումները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ

իրենք անակնկալի եկած են Թրիփոլիի մէջ սադրանքներ նախապատրաստող ձեռքերու գոյութեամբ:

«Թրիփոլիի մէջ այսօր եւ այս պահուն զուգադիպած այս դէպքերը վտանգաւոր են, իսկ քաղաքացիներուն եւ երկրին ապահովութիւնը մեր պատասխանատուութիւնն է: Հետեւաբար, մենք կը շեշտենք, որ քաղաքացիական անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է եւ ապահովութիւնը սակարկութեան ենթակայ չէ: Կ՛ուզեմ շեշտել նաեւ, որ Թրիփոլիի մէջ բարգաւաճման ծրագիրները պիտի իրագործուին, իսկ մենք ընդդիմութիւնը կ՛ըմբռնենք իբրեւ խաղաղ եւ շինիչ ընդդիմութիւն», ըսաւ վարչապետը:

Ան աւելցուց, որ ինք խիստ հրահանգներ տուած է բանակին եւ ապահովական ուժերուն, որպէսզի ապահովական բոլոր միջոցառումներուն դիմեն եւ երկաթեայ բազուկով հարուածեն օրինազանցները:

«Կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք իրենք զիրենք պետութենէն եւ օրէնքէն աւելի զօրաւոր կը նկատեն», ընդգծեց վարչապետը` աւելցնելով, որ ինք պահանջած է նաեւ հետաքննութիւն բանալ այդ բախումներուն գծով:

Վարչապետը ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանեկան պարագաներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն` կոչ ուղղելով Թրիփոլիի բնակչութեան ձախողութեան մատնելու բոլոր սադրանքներն ու դաւադրութիւնները:

Ասուլիսին ներկայ գտնուեցաւ նորակազմ կառավարութեան մէջ Թրիփոլին ներկայացնող բոլոր նախարարները:

Ասուլիսին աւարտին Միքաթի ջնջեց կառավարութեան կազմութեան առիթով շնորհաւորութիւններու ընդունումը:

Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը միջամտած է Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի բախումները կասեցնելու, սակայն ան կրակոցի ենթարկուած է եւ զոհ մը ու վիրաւորներ տուած:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ բանակը բախումներու այս շրջանին մէջ ներխուժումներ եւ ձերբակալումներ կատարած է` աւելցնելով, որ բանակը ուժգին պիտի զարնէ եւ հարուածէ այն դիրքերը, ուրկէ իրեն դէմ կրակոց կ՛արձակուի:

Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ բանակը թոյլ կեցուածք պիտի չցուցաբերէ զէնք կրող օրինազանցներուն դէմ եւ ոչ մէկ ձեւով պիտի արտօնէ լիբանանցի քաղաքացիներուն ապահովութիւնը վտանգի ենթարկել:

Իր կարգին, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` քննարկելու համար Թրիփոլիի բախումները:

Ղոսըն շեշտեց, որ բանակը պէտք եղած միջոցառումներուն դիմած է` Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու համար: Ան ըսաւ, որ երկրին ապահովութիւնը կարմիր գիծ է եւ կարելի չէ թոյլ կեցուածքներ ցուցաբերել այդ առումով:

Ղոսըն ցաւ յայտնեց արձանագրուած զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը պիտի շարունակէ ստանձնել իր պատասխանատուութիւնները:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց գործատէրերու Համաշխարհային համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն նաեւ մեծ թիւով լիբանանցիներ:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան մաս կը կազմէ միջազգային ընտանիքին, հետեւաբար ան իր յարաբերութիւնները հեզասահ կը պահէ իր բարեկամ եւ քոյր երկիրներուն հետ:

Ան աւելցուց, որ երկիրը կը դիմագրաւէ քանի մը լուրջ հարցեր, որոնց լուծումը պիտի գտնուի, հակառակ երկրին դէմ ծառացող բոլոր մարտահրաւէրներուն:

«Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը կարմիր գիծեր են, որոնց ոչ ոք կրնայ մօտենալ», ըսաւ ան:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էքհորսթը, որ նշեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը եւ կը շարունակէ զօրակցիլ երկրին:

Միքաթի ընդունեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրը:

Միւս կողմէ, Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ վարչապետը ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարը, որ շնորհաւորեց վարչապետը կառավարութեան կազմութեան առիթով:

ՆՇԵՆՔ, որ թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին համաձայն, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է վարչապետ Միքաթիի հետ եւ անոր հետ քննարկած լիբանանեան եւ շրջանային, յատկապէս սուրիական իրադարձութիւնները:

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՆՍՈՒՐՆ ՈՒ ԼԱՅԵՈՒՆԸ

Յաջորդը

Օդերեւոյթ ( 18 յունիս 2011 )

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.