Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Cafouillages՝ Խառնաշփոթութիւն

November 19, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնականցի Արմենակ ազգի տագնապներով տագնապելու սովոր է: Ձմեռնամուտի աշնանային երկինքը արհամարհելով, իր հեռաւոր արուարձանէն մեզի եկաւ: Վառելանիւթը սուղ է, տուրքերը «Կինէս»-ի մրցանիշ կը հաստատեն, բնակարանները չենք տաքցներ, տաքնալու համար թէյ կը խմենք:

Հազիւ հասած՝ Արմենակ ֆաքիրի պէս ըսաւ.

– Քարթէզեան երկրի մէջ կ՛ապրինք, այդպէս կը կարծենք: Օր մը գրոց-բրոց մը ըսաւ, որ հոս կը բնակինք, հոս չենք ապրիր: Ամէն տեղ Տեքարթ կը մոռցուի նիւթապաշտութեան եւ փառքերու ճնշման տակ: Բուրգին գագաթը եսերու քանի մը ապարանք միաժամանակ չի կառուցուիր, կ՛ըլլայ խառնաշփոթութիւն: Եթէ դեռ կան, Քարթէզեանները պիտի ըսեն՝ cafouillages:

Երկու ափերուն մէջ բռնելով թէյի բաժակը, քաղաքավարական խօսքերէ հրաժարելով՝ ան իր ցաւը պատմեց:

– Մակա՛ր, այսօր մեր նորակազմ թեմի Պատգամաւորական ժողովը կը գումարուի Մարսէյ: Առաջնորդի հրաժարականը կը քննեն: Զարմանալի է: Կը քննեն, բայց արդէն տեղապահ որոշած են, Հայաստանի թերթերն ալ փութկոտութեամբ լուրը տուած են: Թեմական խորհուրդ եւ Պատգամաւորական ժողով ոտնակոխուած արժանապատուութեան պատճառով առաջնորդի հրաժարականը եթէ ըստ էութեան չեն քններ եւ չեն դիրքորոշուիր, ինչո՞ւ ակնկալել, որ եկեղեցիները չդատարկուին: Կացութենէն տեղեակ են մարդիկ:

Արմենակ յուզուած էր:

– Սիրելի՛ս, տագնապ կայ, կար՝ հակառակ ճեղքերը գաճով ծածկելու բեմադրութիւններու,- ըսի:

Արմենակ շարունակեց.

– Ճիշդ ես: Փոխանակ ծէսերու հարցը քննելու, սրբադասման յուզիչ խնդիրներով զբաղելու, լաւ կ’ընեն, եթէ փշաթելերը վերցնեն: Ժամանակին Էջմիածինէն եկաւ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուեցաւ Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը, մեր օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը դարձաւ Ամենայն հայոց: Հիմա կ’ըսուի, որ քահանայ եւ առաջնորդ Էջմիածին պէտք է պատրաստուած ըլլան, անոնք այնտեղէն կու գան միայն:

– Լուսանկարներէ անդին, եթէ միութիւն կայ, թող ներքին պատուարները վերցնեն եւ աշխատանքի բաժանում ընեն:

– Մակա՛ր, գիտես, սփիւռքի հայերս կը սիրենք պատիւները: Ժամանակին Հայաստան օժանդակութիւն տարած խումբի անդամը որպէս կարեւոր լուր ըսաւ, թէ «նախարարի պէս ընդունուեցանք»: Հիմա Մոսկուա կ’երթան, «լիմուզին»-ով ման կու գան: Սկզբունք, բարոյականութիւն, ազգի ներկայ եւ ապագայ, հրաժարեալ առաջնորդ, ինչպէ՞ս պիտի բաւեն «լիմուզին»-ի մէջ:

– Արմենա՛կ, ժամանակավրէպ հարցերով ե՞րբ պիտի դադրիս զբաղելէ:

– Դուն ականջներդ խցած ես: Հայաստանէն արուեստագէտ մը, գիտես՝ արուեստագէտները դգալին կոթով չեն պարպեր աւազանին աղտոտ ջուրը, հեռատեսիլէն խօսած եւ կացինով պատռած է վարագոյրը: Ամէն տեղ մեզի կ’ընկերանայ համակարգիչը, նաեւ՝ «լիմուզին»-ի մէջ: Անոր ընդվզումը կարելի է լսել եւ դիտել մէկ ընդունելութենէ միւսը երթալու ժամանակ: Մակա՛ր, դուն ալ դիտէ, դիւանագիտութիւն մի՛ խաղար եւ իմացի՛ր, թէ ի՛նչ կ’ըսէ Նիկոլայ Ծատուրեան. http://www.youtube.com/watch?v=63RxKnqxJ30&feature=player_embedded  :

Մակար, ի Գաղիա, 19 Հոկտեմբեր 2013

Նախորդը

Սուրիական Օրագրութիւն 32

Յաջորդը

Վտանգաւոր Եռանդ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.