Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, կազմակերպութեամբ «Ծաղիկ» գրական-ազգային շաբաթաթերթի, երէկ` չորեքշաբթի, 6 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30¬ին, ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնի Ասպետներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած պոլսահայ ժամանակակից բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց «Ծաղիկ» գրական-ազգային շաբաթաթերթի խմբագիր Յակոբ Տիւնիայեան: Ան նշեց, որ «մեր ժողովուրդի հնադարեան եւ արդի պատմութեան սխրագործութիւնները, յուզումներն ու անկումները, հերոսապատումները թելադրիչ ու խրատող խաղաղասիրութեամբ մը ամբողջական վիճակներու համապարփակ պատկերի մը մէջ ապրելու եւ ապրեցնելու վայելքը կու տայ մեզի Խրախունիի բանաստեղծութիւններու աստեղափոյլը` խրախունիական արուեստի բանակով տողանցելով մեր մտածողութեան տեսադաշտին վրայ»: Ան յայտնեց, որ «ոչ թէ լոկ պոլսահայ բանաստեղծութեան, այլեւ` սփիւռքահայ քերթողութեան ամէնէն առատաձեռն սերմնացաններէն է Զարեհ Խրախունի, իր գրական բերքին թէ՛ որակով եւ թէ՛ քանակով մեր հիացման խոնարհումը կը խլէ(…): Վերջապէս, «Ծաղիկ» անխառն ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ եւ աշակերտի խոնարհումով իր սրտի տուրքն է, որ կը բերէ այսօր մեծարելով վսեմական բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին»: Ապա ան ընթերցեց Զարեհ Խրախունիի սրտի խօսքը` ուղղուած հանդիսութեան ներկայ գտնուող գրասէրներուն: Ան նաեւ յաջորդաբար ընթերցեց այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին եւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահին ողջոյնի խօսքերը:
Այս առիթով Փարիզէն հրաւիրուած էր բանաստեղծուհի, գրականագէտ, հայագէտ, բանասէր տոքթ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան, որ իր խօսքին առաջին բաժինով շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ «Ծաղիկ»-ի խմբագրութեան` յայտնելով, որ Զարեհ Խրախունի բանաստեղծին մասին խօսիլը, իր քերթողութիւնը ծանօթացնելն ու տարածելը հոգեկան պարտք մըն է` նկատի ունենալով, որ ան Պոլսոյ Եսայեան լիսէին մէջ իր ուսուցիչը եղած է:
Ան ներկայացուց բանաստեղծին կենսագրականը` յայտնելով, որ բանաստեղծական քսան հատորներու եւ երկու թատերախաղերու հեղինակ է Խրախունի: Ինչպէս նաեւ գրախօսականներէ եւ իմաստասիրական արձակ գրութիւններէ բաղկացած երկու այլ հատորներ գրած է ան:
Գալֆայեան-Փանոսեան ըսաւ, որ «Խրախունիի անունը կապուած կը մնայ «պոլսահայ նոր բանաստեղծական շարժում»-ին, որ խորքով եւ ձեւով նոր իբրեւ քերթողական ինքնատիպ երեւոյթ, հրաբխային ժայթքով մը յայտնուեցաւ Պոլսոյ մէջ 1940-ական թուականներուն եւ անցնելով զանազան փուլերէ, յաջորդական երկու մեծ բանաստեղծներ Զահրատի եւ Խրախունիի արուեստին շնորհիւ վերածուեցաւ գրական դպրոցի մը, որ իր անուրանալի ազդեցութիւնը գործեց հայ բանաստեղծութեան ընդհանուր գնացքին վրայ»` աւելցնելով, որ «Խրախունիի ժամանակաշրջանը կը զուգադիպի Մենտերեսի ժողովրդավարական կառավարութեան տապալման, զինուորական իշխանութեան վերահաստատման եւ քրիստոնեաներու նկատմամբ ճնշումներու վերսկսման: Այնպէս որ, Խրախունիի եւ այս շրջանի քերթողութիւնը հետզհետէ կը սահի խորհրդանշաններու փրկարար գիրկը եւ կ’ապաստանի անոնց բազմիմաստութեան մէջ: Խրախունի առարկայական խորհրդանշանապաշտութիւն կը կոչէ իր արուեստի ուղղութիւնը: Ուրեմն Խրախունի կը դիտէ առարկայական աշխարհի երեւոյթները, ըլլան անոնք առարկաներ, թէ առարկայացուած գոյութիւններ, ինչպէս` գաղափար, զգացում, բառ կամ բայ: Զանոնք կը նկարագրէ իրենց հիմնական գիծերուն մէջ` հիմնական պատկերով մը, որմէ ետք կ’ընդլայնէ նկարագրութիւններուն ծիրը` երկրորդական պատկերներով»:
Ապա Գալֆայեան ժամանակագրական կարգով ներկայացուց Խրախունիի գրական գործերը: Ան իր խօսքը փակեց ըսելով. «Մեծ մըն է Խրախունի, որքան կարդանք զինք, որքան խորանանք իր գրուածքներուն մէջ, այդքան կը զգանք իր մեծութիւնը»:
Ապա խօսք առաւ մատենագէտ եւ բանասէր Կարօ Աբրահամեան: Ան յայտնեց, որ Խրախունի երկու առիթներով այցելած է Լիբանան եւ մօտէն ծանօթացած գրական մամուլին, կրթական եւ արուեստի մարզերուն: Խօսելով բանաստեղծին մասին` ան նշեց, որ Խրախունի ազնուական էր իր նկարագիրով եւ նիստ ու կացով` մտահոգութիւն յայտնելով, որ իրենցմէ ետք հրապարակը պիտի մնայ ամայի` մաղթելով, որ Լիբանանի պարագային եւս նոյնը չըլլայ: Ապա ան ընթերցեց Խրախունիի «Կաթիլներ կաթիլներ» գիրքի յառաջաբանը, որ գրած է «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպեր Հատտեճեանը, ինչպէս նաեւ փոխխմբագրապետ Մաքրուհի Յակոբեանի սրտի խօսքը` ուղարկուած այս առիթով:
Այնուհետեւ, «Ծաղիկ»-ի խմբագրապետ Յակոբ Տիւնիայեան յուշանուէր յանձնեց տոքթ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանին:
Գեղարուեստական յայտագիրով Ճոնի Կէօքճեան, ընկերակցութեամբ Շողեր Կրպոյեանի, երգեց «Հայրենի կարօտ» եւ «Հայաստան» երգերը: Իսկ Թուխիկ Աւետիսեան արտասանեց Խրախունիէն չորս բանաստեղծութիւններ:


