Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 4, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԷԿ տեղի ունեցաւ արեւի մասնակի խաւարում, որ Լիբանանի համար տեսանելի դարձաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին: Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն` նախաձեռնութիւններ առաջադրելու եւ կառավարութեան կազմութեան խոչընդոտները լուծելու, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրիի հետ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը (Տահեշ) գոյութիւն չունի: Անդրադառնալով ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու կարելիութեան` Շարպել շեշտեց, որ ինք չի տեսներ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումին հեռանկարները:

ԺԻՊԷՅԼԻ Մասթիթա շրջանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան անձնական հարցերու պատճառով արձանագրուած են զինեալ բախումներ, որոնք պատճառած են չորս զոհ եւ երեք վիրաւոր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ յայտնեց, որ Սուրիան թիրախ դարձնելու հանգրուանը մօտեցած է իր աւարտին, իսկ Սուրիոյ հետ վարուելու միջազգային չափանիշները փոխուած են:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա կը փափաքի, որ Լիբանան չէզոք կեցուածք որդեգրէ, եւ Սուրիայէն Հըզպալլայի դուրս չգալուն պարագային Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը անկարելի կը նկատէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ կառավարութեան մը կազմութիւնը մօտալուտ չէ, ինչպէս նաեւ կարելի չէ նախագահական ընտրութիւններու կայացումը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը մերժած են անսալ այն կոչերուն, որոնք խորհուրդ տուած են այս տարուան համար Աշուրայի յատուկ սուգի հաւաքները ջնջել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը Թրիփոլիի բախումներուն մասնակցող զինեալներ չունի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական հարցերուն կարելի է լուծում գտնել փոխադարձ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ կարգ մը սխալ գրաւներէ հրաժարելու միջոցով:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներէն մէկը յայտնեց, որ ընթացիկ կառավարութեան գործունէութիւնը հաստատ կերպով պիտի շարունակուի, մինչեւ նախագահական ընտրութիւններուն կայացումը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ սուրիական տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն շահերուն կը ծառայէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա չի զօրակցիր Արեւելքէն քրիստոնեաներուն արտագաղթին` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Սուրիոյ տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Քանսօ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական երկխօսութիւնը լիբանանեան կեանքին վրայ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումները ցուցանիշներ են ամբողջ Լիբանանի ապակայունութեան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը եւ անոր ծրագիրը թիրախ դարձնելու բոլոր ընտրանքները ձախողած են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնն է, որ կ՛ուշացնէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դիմագրաւած հիմնական տագնապը Սուրիոյ վրայ դրուած գրաւն է:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Քննադատէ Քերրիի Յայտարարութիւնները

Յաջորդը

21 Տարեկան Նաթալինօ Վերջ Դրաւ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին

RelatedPosts

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ  Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»
Լիբանանեան

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»

November 28, 2026
Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ,  Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»
Լիբանանեան

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ, Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»

November 28, 2026
Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական  Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։