Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) կը տեղեկացնէ, որ 9-28 նոյեմբերին Շենայի մէջ (Հնդկաստան) տեղի պիտի ունենայ Վիշվանաթան Անանտ (Հնդկաստան) – Մակնիւս Քարլսըն (Նորվեկիա), կրանտմասթըրներու ճակատումը, որուն յաղթականը պիտի հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան:
Առ ի տեղեկութիւն իր ընթերցողներուն, կայքէջը կու գայ նշելու, որ մրցումին գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ միջազգային կարգի իրաւարար Աշոտ Վարդապետեան (Հայաստան):
Մրցումները պիտի սկսին ժամը 13:30-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
11, 14, 17, 20, 23, 25 եւ 27 նոյեմբերը տիտղոսին համար պայքարող կրանտմասթըրներուն համար պիտի ըլլայ հանգիստի օր:


