Իր գումարած մէկ ժողովին ընթացքին, Լիբանաին փինկ փոնկի ֆետերասիոնը տուաւ կարգ մը որոշումներ, որոնք ընդհանրապէս եղան իր կողմէ կարգ մը մրցաշարքերու կայացումին վաւերացումը եւ հաւանութիւն տալը:
Պարաղեմ Նապաթիէի արտօնութիւն տրուեցաւ, որ իր մասնակցութիւնը բերէ 28-30 նոյեմբերին Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆաժրի երկսեռ կրտսերներու մրցաշարքին:
13-15 դեկտեմբերին Նիկոսիոյ մէջ տեղի ունենալիք Սատաքայի մրցաշարքին Լիբանանի մասնակցութեան հարցը գրեթէ վաւերացուեցաւ:
ՀՄԸՄ Պէյրութի հաւանութիւն տրուեցաւ, որ անիկա Խալիլ Պատաուիի շրջանին մէջ գտնուող իր ակումբին մէջ 22-23 նոյեմբերին տղոց անհատական բարեկամական մրցաշարք մը կազմակերպէ:
4-11 նոյեմբերին փինկ փոնկի այլ մրցաշարք մը տեղի պիտի ունենայ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Պուարի սրահին մէջ:


