Չորեքշաբթի, 20 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Աթլեթիքօ Պէյրութ ակումբին նոր մարզահամալիրին պաշտօնական բացումը` հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի:
Երեկոյեան ժամը 19:00-ին սկսելիք այս պաշտօնական բացման հանդիսութեան համար յատուկ հրաւէրներ ուղղուած են նաեւ մարզական յատուկ անձնաւորութիւններու, տարբեր շրջաններու քաղաքապետութիւններու, յատուկ հրաւիրեալներու եւ բնականաբար մարզական լրագրողներու:
Նշենք, որ Աթլեթիքոյի հետ այս մարզահամալիրը կը գտնուի Տըպպայէի շրջանին մէջ:


