Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն (armchess.am) կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները միասնաբար, մարզիչներ` Արշակ Պետրոսեանի եւ Արթուր Չիպուխչեանի գլխաւորութեամբ, Ծաղկաձորի մէջ կը պատրաստուին 7 նոյեմբերին Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ սկսելիք Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան:
Տղոց ազգային խումբը այս մրցաշարքին աւարտէն քանի մը օր ետք պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի խմբային ախոյեանութեան:


