23-ամեայ Ահարոն Խաչատրեան 25 հոկտեմբերին Երեւանի Օղակաձեւ այգիին մէջ յաջութեամբ կատարեց Ուոթըրլայն մարզաձեւի մրցանշային փորձը:
Ան քալեց ջուրին վրայ կապուած 29 մեթր երկարութեամբ ժապաւէնի վրայով: Մրցանիշը արձանագրուած է Հայաստանի «Դիւցազնագիրք»¬ին մէջ եւ իր տեսակին մէջ առաջինը պիտի ըլլայ Հայաստանին մէջ: «Մրցանիշը հաստատեցի, որպէսզի մարդիկ լուսաբանուին, լսեն, տեղեկանան այս մարզաձեւին մասին», յայտնած է Խաչատրեան:
Ան նշած է, որ այս շատ հետաքրքրական եւ աշխարհի մէջ ճանչցուած մարզաձեւը Հայաստանի մէջ տարածելու իմաստով իրենք տարբեր տեսակի աշխատանքներու պիտի ձեռնարկեն:
Անոր համաձայն, ժապաւէնին վրայ ուղիղ քալելը շատ դժուար չէ, պարզապէս պէտք է ձերբազատիլ անոր վրայ կանգնելու վախէն: Ֆիզիքական մեծ ուժ չպահանջող այս մարզաձեւին պարագային կարեւոր է ճկունութիւնն ու համբերատարութիւնը:


