Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Չելսիի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ 8000 փաունտ (12,900 ամերիկեան տոլար) տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ նախորդ շաբաթավերջին Քարտիֆի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին, ցուցաբերեց ոչ մարզավայել կեցուածք:
Ֆետերասիոնը անոր պայմանաժամ մը տուած էր, որպէսզի ան եթէ ուզէ բողոքէ` կարենալ պաշտպանեու համար ինքզինք: Սակայն, նկատի ունենալով, որ ան այդ քայլին չդիմեց պատիժ սահմանուեցաւ անոր հաշուոյն:


