Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի երեքշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2013-ին, պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Չինաստան` ընդառաջելով Չինաստանի խորհրդարանին հրաւէրին:
«Շինհուա» չինական պաշտօնական լրատու գործակալութեան համաձայն, Լարիժանիի յղուած Չինաստան այցելութեան հրաւէրը եկած է Չինաստանի խորհրդարանի նախագահ Չանկ տի Ճիանկի կողմէ:


