Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ յաւիտենապէս բաժնուեցաւ ԼՕԽ-ի ընտանիքէն` վաստակաշատ երէց ընկերուհի Մարի Սագճեան-Սէթեան: Մարի Սէթեան. անուն մը, որ բոլորիս մտքերուն մէջ դրոշմուած պիտի մնայ առյաւէտ: Սիսեցի ընտանիքէ սեռած` յաճախած է Ազգային (նախկին) Լուսինեան վարժարանը (այժմ` Աքսոր Գասարճեան), եւ Սիս թաղամասը` իր Պուրճ համուտեան հայակերտ մթնոլորտով, թրծած է իր ներաշխարհը: Հետագային ծնողքին հետ փոխադրուած է Անթիլիաս, սակայն միշտ փառած մնացած է իր շատ սիրելի շրջանին, ուր ան արմատ նետած էր: Կը ճանչնար բոլորը, անունի մը նշումը բաւարար էր, որ ան վերյիշէր ու փոխանցէր այդ անձին մասին բոլոր տեղեկութիւնները` իր բոլոր պարագաներու մանրամասնութիւններով: Ան հաւատացած էր ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ անոր գործունէութեան: Մարի Սագճեան-Սէթեան ազգասէր հայուհին 1962-ին` խումբ մը ծառայասէր հայուհիներու հետ, կը հիմնէ ԼՕԽ-ի Անթիլիասի «Նայիրի» մասնաճիւղը: Այնուհետեւ այս աշխուժ հայուհին իր լրիւ կեանքը տրամադրած է ի սպաս ազգային, ծառայասիրական գործունէութեան, որուն հիմնական փորձադաշտ կը նկատուի Լիբանանահայ օգնութեան խաչը: Անթիլիասի բնակիչ տասնեակ մը նուիրեալ հայուհիներու հետ անոր հիմնած ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղը այսօր արդէն իսկ ծաղկած է ու իր ազգաշունչ գործունէութեամբ կը ներկայացնէ հարիւրաւոր ԼՕԽ-ուհիներու բոյլ մը: 1967-ին ամուսնական իր բոյնը կազմելէ ետք տեղափոխուած է Մար Մըխայէլ, ուր շարունակած է իր ԼՕԽ-ականի առաքելութիւնը` «Աստղիկ» մասնաճիւղի ընդմէջէն, որպէս անդամ ու վարչական: Աւելի ուշ, կեանքի պայմաններուն բերումով աշխատանքի լծուած է եւ չէ կրցած մօտէն հետեւիլ կամ պարտականութիւններ ստանձնել ԼՕԽ-ի ընտանիքին մէջ: Վերջին տասնհինգ տարիներուն սակայն, ան վերստին նուիրուեցաւ իր սիրած միութեան` ԼՕԽ-ին ու դարձաւ անոր ժրաջան ու գործունեայ անդամուհիներէն մէկը: Բծախնդիր ու յանձնառու այս ընկերուհին կ՛աշխատէր երբ եւ ուր որ պէտք էր, անտրտունջ, առանց գանգատելու կամ դժգոհելու: Ան սիրալիր, համբերատար եւ բարեացակամ էր բոլորին նկատմամբ: Յարգալիր, զոհաբերող ու համերատար ոգիով կը մօտենար բոլոր հարցերուն: Սակայն բծախնդիր էր ԼՕԽ-ի գործունէութեան առնչուող նոյնիսկ ամէնէն փոքր մանրամասնութեան նկատմամբ: Ոտքի թեթեւ արկածի մը իբրեւ հետեւանք վերջին երկու տարիներուն ստիպուեցաւ քաշուիլ միութենական աշխատանքէ, միաժամանակ սակայն աչալուրջ իբրեւ հետեւել ԼՕԽ-ի գործունէութեան գրեթէ բոլոր մանրամասնութիւններուն: ԼՕԽ-ուհիներու այցելութիւնները կ՛ուրախացնէին զինք, թարմացնելով անոր մօտ ազգային շունչն ու կորովը: Ֆիզիքապէս յոգնած, սակայն մինչեւ իր կեանքին վերջին պահերը ան մնաց գիտակից ու արթուն ու իր զաւկին կարօտովը փակեց աչքերը:
Հանգիստ ննջէ ընկերուհի, քու «ցանած սերմերդ» պիտի շարունակեն ծաղկիլ ու ԼՕԽ-ուհիներու նորահաս սերունդի հայուհիները պիտի շարունակեն քու սկսած «ԳՈՐԾԴ»` նոյն յանձնառութեամբ ու կորովով:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի, ընկերուհի:
ԼՕԽԱԿԱՆ

