Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Բանաձեւային Ճնշամիջոցներու Փորձեր` Անորոշ Քուէարկութիւններով

October 25, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոխորհրդարանի ընդունած (կամ չընդունած` նկատի ունենալով քուէարկութեան հետ կապուած անորոշութիւնները) բանաձեւը` Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման մասին, յայտնապէս հայանպաստ չէ: Բնական է, որ առաջին հակազդեցութեամբ մեկնաբանութիւնները իբրեւ շարժառիթ պիտի ընդունին Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան որոշումը:

Քաղաքական իրադրութիւնները հետզհետէ աւելի համոզիչ կը դարձնեն այն, որ խնդիրը բացարձակօրէն քաղաքական ազդեցութեան գօտիներու վերագծման հետ կապուած է, եւ Հայաստանի թեքում` այս կամ այն կողմը, կ՛արժանանայ քաղաքական ճնշամիջոցներու:

Եթէ դէպի Եւրոպա ընթացող Երեւանի քայլերը ստանան արագակշռոյթ բնոյթ, ապա Մոսկուան կը զինէ Պաքուն եւ յատուկ ջերմութիւն կ՛ապահովէ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ: Երբ Մոսկուայի մէջ  Երեւանը իր մտադրութիւնը կը բացայայտէ` մաս կազմելու Մաքսային Միութեան, Եւրոպական խորհրդարանը կը յիշեցնէ Հայաստանի գրաւող կողմ ըլլալն ու ՄԱԿ-ի այն բանաձեւերը, ուր կ՛արծարծուի հայկական ուժերու «ազրպէյճանական  տարածքներ»-էն հեռանալու պահանջը: Եւ ճնշամիջոցները այսպէս կը շարունակուին անընդմէջ: Երեւանը կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը` ստորագրելու ընկերակցութեան փաստաթուղթը, Մաքսային Միութեան ճարտարապետներէն հանդիսացող Պիելոռուսիոյ նախագահը կը շեշտէ, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը Մաքսային Միութեան տեսանելի ժամկէտի մէջ չի տեղաւորուիր:

Քաղաքական ճնշամիջոցներուն միջեւ յայտնուած Երեւանը փորձ կը կատարէ  շարունակելու թէ՛-թէ՛-ի արտաքին քաղաքականութիւնը: Միւս կողմէ, Պաքուն կը փորձէ լիարժէքօրէն օգտագործել Եւրոպական Միութեան եւ Մաքսային Միութեան տնտեսական քաղաքական արեւելումներու ճշդումի երկսայրաբանութեան (տիլեմա) մէջ յայտնուած Հայաստանի դէմ առաւելներ ապահովելու իր քաղաքականութիւնը: Այս առաւելները, կը թուի, թէ ո՛չ միայն քաղաքական են, այլ նաեւ` զինուորական: Իջեւանի ուղղութեամբ կատարուած ռազմական ոտնձգութիւնը իր տեսակին մէջ կ՛առանձնանայ: Այս մէկը արձակազէններու ընդհանրացած երեւոյթին մաս չի կազմեր թէ՛ իբրեւ ճակատ, թէ՛ իբրեւ բնոյթ, եւ թէ իբրեւ տարողութիւն: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը ստիպուէր ճամբայ փակել` քաղաքացիներու անվտանգութեան հետ կապուած մտահոգութիւններէ մեկնած: Յիշենք, որ ռուսական «Ռեկնիում» գործակալութիւնը կը խօսէր Պաքուի կողմէ իրականացուած օդային յարձակումին մասին: Հայկական պաշտօնական լրահոսը յարձակումի բնոյթը չէր յստակացներ:

Քաղաքական գետնի վրայ Պաքուն անհրաժեշտութիւնը կրնայ չունենալ նման ժամանակահատուածներու մէջ լոպիիստական ներուժ կեդրոնացնելու: Ճնշամիջոցային քաղաքականութիւնը նման եզրակացութեան կրնար յանգիլ քաղաքական տրամաբանութեամբ: Բայց նախ տեսնենք, թէ ի՞նչ կ՛ըսէ այդ անորոշ քուէարկութեան արդիւնքով հրապարակուած բանաձեւը:

«Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկրի մը կողմէն մէկ այլ մասնակից երկրի տարածքի բռնագրաւումը կը խախտէ Արեւելեան գործընկերութեան հիմնարար սկզբունքներն ու նպատակները: ԱԳ երկիրներու տարածքներուն վրայ հակամարտութիւնները պէտք է լուծուին ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ: Եւրոպական Միութիւնը պէտք է աւելի աշխուժ ներգրաւուի հակամարտութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ: Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է համապատասխանէ ՄԱԿ-ի 1993-ի Ապահովութեան խորհուրդի 4 բանաձեւերուն եւ այն սկզբունքներուն, որոնք ամրագրուած են ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի 2009-ի Աքուիլայի համատեղ յայտարարութեան մէջ»:

Տարածքի բռնագրաւումի մասին հաստատում կատարող բանաձեւը իր առաջին բաժինով չ՛ակնարկեր միայն Արցախին: Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրները, որոնք տարածքային խնդիրներ ունին` Հայաստանը, Վրաստանը, Մոլտովիան եւ Ազրպէյճանն են: Բայց այս նրբութիւնը հիմնական նշանակութիւն չունի, որովհետեւ խնդիրը մասնակիօրէն կը կեդրոնանայ Արցախի վրայ, նոյն բանաձեւին մէջ:

Ճիշդ է, որ երբ տարածքի բռնագրաւում բառակապակցութիւնները կ՛օգտագործուին, կը թուի, որ առաջին հերթին հակահայ բանաձեւ է ներկայացուածը` միակողմանի եւ Ազրպէյճանի շահերը գերադասող: Սակայն պահ մը նոյնիսկ շրջանցելով քուէարկութեան անորոշութեան երեւոյթը,  բանաձեւին համաթեքսթը կա՛մ ինքնահակասական է կամ ալ խառն ուղերձներ կը պարփակէ: Անշուշտ ՄԱԿ-ի բանաձեւեր վկայակոչելը կ՛ենթադրէ արծարծել հայկական ուժերու հեռացման պահանջը: Միաժամանակ սակայն Աքուիլան վկայակոչելը կ՛ենթադրէ ուժերու հեռացման պահանջին առընթեր, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը: Ինչ որ նաեւ ա՛յս բանաձեւին մէջ իբրեւ իրաւահաւասար սկզբունք տարածքային ամբողջականութեան, նշուած է:

Օգտագործուած բառապաշարն ու վկայակոչուած բանաձեւերը դիւանագիտական ոլորապտոյտներուն մաս կը կազմեն: Հիմնականը այն է, որ Եւրոխորհրդարանականներ այժմ կարիքը զգացած են Արցախի մասին բանաձեւ որդեգրելու` Արեւելեան գործընկերութեան հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարգախօսին տակ: Շարժառիթն ալ նոյն բանաձեւի  նախագիծին մէջ յստակօրէն ընդգծուած է: «Հայաստանը որոշած է միանալ Մաքսային Միութեան, ինչ  որ  անհամատեղելի է ընկերակցութեան մասին համաձայնագրին հետ»:

Հիմա աւելի պարզ կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ Եւրոխորհրդարանականները յիշած են արցախեան խնդիրը: Քաղաքական նման ճնշամիջոցներու դիմելու վարքագիծի բացայայտում է արձանագրուածը: Պարզ է նոյնքան, որ միայն Մոսկուան չէ, որ  ճնշամիջոց կը կիրարկէ Երեւանի վրայ: Եւրոպան, իր ոճով, այս պարագային բանաձեւային ճնշումի փորձով, Երեւանին պատգամներ կը փոխանցէ: Երկու ուղղութիւններուն վրայ ալ ճնշամիջոցներու թիրախը Արցախն է:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Այցելութիւնը Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։