Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հեծելարշաւի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի 13 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 8:00-ին Տըպայյէյի Լա Մարինայի մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ Արցախեան նահատակ ազատամարտիկ, ՀՄԸՄ-ական հեծելանւորդ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին հեծելարշաւի մրցում մը, ներկայութեամբ Վիգէն Զաքարեանի մօր եւ քրոջ, Հեծելարշաւի ֆետերասիոնի, Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, եւ հեծլարշաւի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտ խորհուրդի անդամներուն: Ներկաները ողջունեց Լիբանանի Հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, որ խօսեցաւ նահատակ հեծելանւորդ Վիգէն Զաքարեանի ՀՄԸՄ-ականի առաքինի յատկանիշներուն եւ անոր գերագոյն զոհողութեան անձնազոհողութեան մասին: Ծատուրեան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի պարտականութիւնն է պաշտպանել հայրենիքը բոլոր միջոցներով: Արդարեւ, նախքան հեծելարշաւի մրցումը, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղին Ա. միաւորի արիական խումբի 20 արիներ, հսկողութեամբ մասնաճիւղի սկաուտ խորհուրդին, Վիգէն Զաքարեանի պատկերով շապիկներ հագած յարգեցին նահատակ ՀՄԸՄ-ական հեծելանւորդ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակը` հեծելարշաւի Խորհրդանշական շրջավազքով մը, որուն մեկնարկը տուաւ Վիգէն Զաքարեանի քոյրը` Հուրի Զաքարեան: Խորհրդանշական շրջավազքի աւարտին ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի յանձնախումբը յիշատակի շքանշաններ շնորհեց մասնակից սկաուտներուն: Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան մեկնարկը տուաւ հեծելարշաւի 75 քիլոմեթր երկարութեամբ մրցումին, որուն մասնակցեցան լիբանանեան տարբեր մարզական ակումբներէ 25 հեծելանւորդներ: Մրցումը աւարտեցաւ մրցանակաբաշխութեամբ:
Ստորեւ` մրցումին արդիւնքները.
Մասթերզ. 30 քլմ
1.- Ուիլիամ Մասաատ
2.- Րաֆֆի Ուրֆալեան
3.- Նազօ Տոնոյեան
Մեծեր 75 քլմ
1.- Խալիլ Ալասմար
2.- Ապտալլա Ալըր
3.- Նապիլ Թապալ
Կրտսեր. 30 քլմ
1.- Միշէլ Նասր
2.- Բեկոր Եագուպեան
3.- Յակոբ Մաթոյեան



