Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարարութեան 5-ամեակ` Նախագահին Մասնակցութեամբ

October 12, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11 հոկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն այցելած եւ նախարարութեան 5-ամեայ գործունէութեան նուիրուած եզրափակիչ հանդիսութեան մասնակցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ան շրջագայած է նախարարութեան մէջ, ծանօթացած աշխատակազմի ստորաբաժանումներու աշխատանքային պայմաններուն, զրուցած աշխատակիցներուն հետ` ընթացիկ աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Սերժ Սարգսեանը դիտած է նաեւ սփիւռքի նախարարութեան 5 տարիներու գործունէութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէսը:

Նախարարութեան աշխատակազմի, համահայկական կազմակերպութիւններու, սփիւռքի նախարարութեան գործընկեր կառոյցներու, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու, Հայաստան-սփիւռք զարգացման  իրենց նպաստը բերած պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներու, մտաւորականներու մասնակցութեամբ կայացած հանդիսութեան ընթացքին արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրման յոբելեանը, խօսած է նախարարութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, անցած ուղիին եւ ձեռքբերումներուն, այդ կառոյցի առաքելութեան ու անոր կողմէ իրականացուելիք հետագայ ծրագիրներուն մասին: Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ նախարարութիւնը յառաջիկայ հանգրուանին կեանքի պիտի կոչէ ազգային նպատակներու, համահայկական իղձերու իրագործման միտող աւելի մեծ ծրագիրներ եւ որոշ ժամանակ ետք իր աշխատանքին արդիւնքներով պիտի դառնայ այնպիսի կառոյց, զոր կ՛ուզէ տեսնել իւրաքանչիւր հայ: Սերժ Սարգսեան նախարարութեան մաղթած է նորանոր ձեռքբերումներ` համայն հայութեան ներուժը մէկտեղելու, Հայաստան հայրենիքը հզօրացնելու եւ սփիւռքը հայ պահելու համազգային այդ դժուարին առաքելութեան իրագործման ճամբուն վրայ:

«Հինգ տարի առաջ սփիւռք-Հայաստան կապերին նոր որակ հաղորդելու նպատակով ստեղծուեց պետական կառավարման այս մարմինը` սփիւռքի նախարարութիւնը, որի խնդիրն էր համագործակցելով մեր դիւանագիտական ծառայութեան, ասել է թէ` արտաքին գործերի նախարարութեան եւ սփիւռքեան կառոյցների հետ, նպաստել հայապահպանութեանը, օժանդակել հայրենադարձութեանն ու նպաստել սփիւռքի ներուժի օգտագործմանը` ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան, ի շահ հայ ժողովրդի: Եւ ուրախ եմ, որ այս ժամանակահատուածում սփիւռքի նախարարութիւնը դարձել է այդ աշխատանքի հիմնական օղակը: Այժմ նախարարութեան միջոցով ենք իրականացնում հայապահպանութեանը նպաստող բազմաթիւ ծրագրեր, որոնք միտուած են մեր ազգային ինքնութեան պահպանմանը, մայրենի լեզուի եւ հայ մշակոյթի տարածմանը, հայկական աւանդոյթների պահպանմանը:

«Նախարարութեան կարեւոր խնդիրներից է` բացայայտելով հայրենիքի եւ սփիւռքի ներուժը, նպաստել առանձին ուղղութիւններով համատեղ ծրագրերի մշակմանն ու իրականացմանը: Մասնագիտական համաժողովների միջոցով արդէն յաջողուել է իրար կապել տարբեր մասնագիտութիւնների տէր հազարաւոր մարդկանց: Սա, կարծում եմ, բաւականին արդիւնաւէտ ճանապարհ էր:

«Հայութեան համախմբուածութիւնը եւ մեր համատեղ ներուժը կարող են բազմապատկել մեր մրցակցային առաւելութիւններն արդի աշխարհում: Անցած ժամանակաշրջանում նախարարութեանը յաջողուել է սփիւռքի կառոյցների եւ կազմակերպութիւնների հետ հաստատել փոխվստահութեան ջերմ յարաբերութիւններ, ինչն ամուր հիմք է հետեւողական աշխատանքի համար:

«Այդ կազմակերպութիւններն աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդի հայապահպանութեան հիմնասիւներն են: Նրանց շնորհիւ սերնդէ սերունդ են փոխանցւում մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը, հայրենիքի հանդէպ սիրոյ, նուիրումի եւ պատասխանատուութեան զգացմունքները: Անհրաժեշտ է առաւելագոյնս համադրել պետութեան եւ համահայկական կառոյցների ծրագրերը: Պէտք է ձգտել իւրաքանչիւր կառոյցի հետ ունենալ մի քանի երկարաժամկէտ ծրագիր», հաստատած է նախագահը:

Այս առիթով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հնգամեայ աշխատանքները հանգամանալից կերպով ներկայացուցած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ողջոյնի խօսքեր արտասանած են նաեւ տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Շահան Գանտահարեան
Շահան Գանտահարեան
Վաչէ Փափազեան

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախարարութեան հնգամեակը շնորհաւորած եւ իրենց ողջոյնի խօսքերը արտասանած են նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեան եւ Լրագրողներու համակարգող մարմինի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

Հանդիպման աւարտին սփիւռքի նախարարութեան խումբ մը աշխատակիցներ` իրենց երկարամեայ ու բարեխիղճ աշխատանքին համար եւ կարգ մը մտաւորականներ ու ազգային գործիչներ` հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան իմաստով ունեցած իրենց ներդրումին համար նախագահին ձեռամբ ստացած են Հայաստանի պետական բարձր պարգեւներ եւ նախագահի շնորհակալագիրներ: Պարգեւատրուողներու կարգին էին «Կամար» պարբերաթերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան, «Խօսնակ» ամսագիրի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան եւ գրող Պետրոս Գալայճեանը (Պեպօ Սիմոնեան)` Լիբանանէն: Անոնք ստացան «Մովսէս Խորենացի»-ի մետալներ:

 

Նախորդը

Բակօ Սահակեանի Փարիզի Հանդիպումները

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն  Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»

November 26, 2026
Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ  Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»
Հայկական

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։